Երկուշաբթի, 11 Մայիս 2015-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին ԱՄԷ եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան յատուկ ժամադրութեամբ հարցազրոյց ունեցաւ այս օրերուն Ապու Տապի գտնող «Les Nouvelles d’Arménie» Ամսագիրի թղթակից՝ Արմինէ Յովհաննէսեանի հետ:

Շուրջ մէկ ժամ տեւող հարցազրոյցի ընթացքին Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը ներկայացուց շրջանի հայ համայնքի կազմաւորման ու զարգացման ընդհանուր պատկերը եւ նորակերտ թեմի հաստատման հանգրուանային փուլերը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց նորակերտ Ազգային Առաջնորդարանի առանցքային դերակատարութիւնը, իր հետ ունենալով թեմի երեք Ազգային Վարչութիւնները եւ յարակից մարմիններուն գործունէութիւնը:

Հոգշ. Հայր Սուրբը նորակառոյց թեմը ներկայացնելով նաեւ անդրադարձաւ շրջանին մէջ հայ համայնքին դիմագրուած մարտահրաւէրները, ինչպէս երիտասարդութեան ձուլումը օտար շրջանակներէն ներս, նկատի ունենալով երկրին դրուածքը ու անոնց աշխատանքները: Ան նշեց մանկապատանեկան ծրագիրներու մասին, եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ գաղութը յուզող խնդիրներու վերաբերեալ:

Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք թէ հարցազրոյցը պիտի հրապարակուի www.emahay.com թեմի կայքէջին մէջ: