Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած բժշկական դասախօսութիւնը կատարուեցաւ Երկուշաբթի, 17 Փետրուար 2020-ին համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս , ներկայութեամբ աւելի քան 30 տիկիններու:

Հանդիպումին բացումը կատարեց յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Թամար Պետրճիքեան բարի գալուստ մաղթելով բոլորին:
Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ գաղութի հանրածանօթ բժշկուհի Դոկտ. Նանոր Չաղլասեան – Հրեշկատեանի բժշկական գործունէութեան երթին եւ բարձր գնահատեց դասախօսուհիին դրական ընդառաջումը, եւ մանաւանդ անոր ունեցած բժշկական գիտելիքներուն հմտութիւնը :
Դասախօսութիւնը ընթացաւ սահիկներու ընկերակցութեամբ, դասախօս բժշկուհին մանրամասն կերպով բացատրութիւն տուաւ նախ քօրօնա ճահրին մասին, որմէ ետք անդրադարձաւ կանխարգիլելու զգուշացման միջոցներու մանրամասնութեանց եւ ներկաներուն գործնական քայլերով ցուցմունքներ կատարեց շեշտելով գործածութիւնը երեսի մասքի անհրաժեշտութեան եւ ձեռքերը հականեխելու կարեւորութեան:
Դասախօսութեան աւարտին դասախօսուհիին յանձնուեցաւ փունջ մը ծաղիկ ապա նախաճաշով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին:
Տիկնանց յանձնախումբը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Դոկտ. Նանոր Չաղլասեան Հրեշտակեանին ինչպէս նաեւ Ալզահրա անձնական հիւանդանոցին եւ Ալ Հիքմա դեղի ընկերութեան տնօրէնութեան:

Տիկնանց Յանձնախումբ