Հոլանտայի Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները կը հանդիպին Սրբազան Հօր
Կիրակի 16 Փետրուար 2020-ին Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան Առաջնորդ՝ Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի, ներկայութեամբ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Արամ Աւագ Քհնյ.Տէյիրմէնճեանի Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրի գրասենեակէն ներս ընդունեց Հոլանտայի Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները , որոնց կ’ընկերանար նաեւ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարը : Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումը առիթ ստեղծեց ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ փոխանցելու Թեմէն ներս գործող զոյգ եկեղեցական համալիրներու գործունէութեան եւ աշխատանքներու մասին: Յայտնենք թէ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները յատուկ առաքելութեամբ կը գտնուին շրջանէն ներս տեղեկութիւններ հաւաքելու քրիստոնեայ համայնքներու մասին: Դիւան Ազգային...
Read More