Չորեքշաբթի 15 Յունիս 2016-ին կէսօրուան ժամը 12:00-ին թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան ընկերակցութեամբ Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն Բագրատ Պալապանեանի ինչպէս նաեւ եկեղեցաշինութեան յանձնախումբի անդամ եւ Ապու Տապիի Լիբանանի Առեւտրական Խորհուրդի անդամ՝ Պրն. Գրիգոր Մահսերեճեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին Լիբանանի դեսպանատուն:
Առաջին հերթին Գերապատիւ Հայր Սուրբը, յանուն Վեհափառ Հայրապետին ու Ապու Տապիի հայ համայնքին շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Դեսպանին իր ցուցաբերած օժանդակութեան հանդէպ մեր համայնքին ու յատկապէս Նորին Սրբութեան Մայիս ամսուայ ընթացքին տուած հովուապետական այցելութեան առիթով ցուցաբերած բարձր ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան:
Պրն. Դեսպանը անգամը եւս իր կարգին մնայուն կերպով օգտակար դառնալու պատրաստակամութիւնը յայտնեց հայ համայնքին: Ան նշեց թէ ինքզինք մեծապէս բախտաւորուած զգաց Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ ունեցած իր եզակի բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարանի եւ կարգ մը ազգայիններու հետ:
Այս առիթով Գերապատիւ Հայր Սուրբը Պրն. Դեսպանին յանձնեց գրաւոր շնորհակալութեան եւ գնահատանքի նամակ մը: Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը յանուն հայ համայնքին եւ Ազգային Իշխանութեան իր գնահատանքի ու շնորհակալութեան խօսքեը փոխանցեց Պրն. դեսպանին անցնող 4 տարիներու ընթացքին դեսպան նշանակման օրէն իսկ իր ցուցաբերած մնայուն օժանդակութեան հանդէպ նորակառոյց Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ համալիրին, ինչպէս նաեւ իր ցուցաբերած հոգատարութեան հայ համայնքին:
Հանդիպման ընթացքին Հայր Սուրբը բարի ծոմապահութիւն մաղթեց Պրն. Դեսպանին եւ կանխայայտ շնորհաւորեց Ալ Ատհա տօնը:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի