Հաղորդագրութիւն

Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի Նախագահութեամբ, Չորեքշաբթի 27 եւ Հինգշաբթի 28 Փետրուար 2013-ին Շարժայի համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Ազգային Երեսփոխանական ԺԹ Ժողովը:

Իր երկօրեայ աշխատանքներուն ընթացքին, Ժողովը, Ազգային Վարչութեանց Նիւթաբարոյական տեղեկագրերուն ընդմէջէն, մանրամասնօրէն քննարկեց նախորդ տարեշրջանին Թեմիս սահմաններէն ներս տարուած հոգեւոր, վարչական, տնտեսական եւ հասարակական բնոյթ ունեցող աշխատանքները եւ ըստ այնմ արժեւորելով վարչութեանց տարած միամեայ գործունէութիւնը, յառաջիկային համար կատարեց անհրաժեշտ թելադրութիւններ:

Ժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին Արաբական Ծոցի հայ համայնքներու ազգայինեկեղեցական կեանքին վերաբերող մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ: Ժողովը քննարկեց նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանին նախահաշիւը, Ծոցի Թեմական կառոյցէն ներս յառաջանալիք երկու վարչակազմակերպչական միաւորներու պարագան, Քուէյթի, Քաթարի եւ Ապու Տապիի շրջաններէն ներս գոյութիւն ունեցող շինարարական ծրագիրներն ու կալուածային հարցերը, Թեմական նոր կանոնագրութեան վաւերացումի պարագան, Թեմիս տարբեր շրջաններուն անունով Ազգային Ընդհանուր Ժողովին մասնակցող Պատգամաւորներուն ընտրութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին պատրաստուելու հարցը, Սուրիահայութեան օժանդակութեան համար շրջաններէն ներս շարունակուող նախաձեռնութիւնները եւ արժանաւոր կերպով Հայ Մօր Տարին նշելու անհրաժեշտութիւնը:

Սպառիչ քննարկումներէ ետք, Ժողովը առաւ համապատասխան որոշումներ ու իր վերջին օրակարգով, միաձայնութեամբ եւ երկու տարիներու պաշտօնավարութեան համար, հետեւեալ ձեւով յառաջացուց Թեմիս չորս շրջաններուն Ազգային Վարչութեանց կազմերը.-

Քուէյթի Ազգային Վարչութեան կազմ

  1. Պրն. Վարդան Նարինեան
  2. Պրն. Ռաֆֆի Յովսէփեան
  3. Պրն. Զարեհ Յակոբեան
  4. Պրն. Թովմաս Ուզաթմաճեան
  5. Տք. Գրիգոր Թովմասեան
  6. Պրն. Վահան Մարտիրոսեան
  7. Պրն. Արմէն Արմուճեան

Անձնափոխանորդ

  1. Պրն. Եղիկ Կարպուշեան
  2. Պրն. Անուշաւան Նազարեան

 

Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան կազմ

  1. Տիկ. Նիրվա Ներկիզեան
  2. Տիկ. Արփի Թիւթիւնճեան
  3. Տիկ. Վարդուկ Գարակիւլլէեան
  4. Պրն. Արա Քէօսէեան
  5. Պրն. Սամ Պզտիկեան
  6. Պրն. Պօպ Բարսեղեան
  7. Պրն. Յակոբ Ճուքճուքեան
  8. Պրն. Խաժակ Յովսէփեան
  9. Պրն Ռաֆֆի Պաղտուտ

Անձնափոխանորդ

  1. Տիկ. Թալին Պետրոսեան
  2. Պրն. Թինօ Չիֆթճեան

 

Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան կազմ

  1. Պրն. Սեդրակ Տէր Մելքոնեան
  2. Պրն. Յակոբ Արսլանեան
  3. Պրն. Ռաֆֆի Սիմոնեան
  4. Պրն. Սեպուհ Թուխմանեան
  5. Պրն. Բագրատ Պալապանեան
  6. Պրն. Անուշքա Ճօնեան
  7. Պրն. Շանթ Թօզլիկեան

Անձնափոխանորդ

  1. Պրն. Հրայր Տաղլեան
  2. Օրդ. Անի Բաթանեան
  3. Պրն. Արթիւր Տապաղլեան

 

Քաթարի Ազգային Վարչութեան կազմ

  1. Պրն. Վարդան Գուզուճեան
  2. Պրն. Սթիւ Գարամարտեան
  3. Պրն. Նազօ Տէր Սարգիսեան
  4. Պրն. Սերժ Սապունճեան
  5. Պրն. Վահէ Հաւանճեան
  6. Տիկ. Ալին Խաչատուրեան Քիլէճեան
  7. Օրդ. Զարմիկ Հալլաճեան

 

 

Ծոցի Երկիրներու Ազգային Երեսփոխանական ժողովի Դիւան