Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմը հանդիսաւոր ու մեծաշուք կերպով նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակը:
Թեմէն ներս գործող Ապու Տապիի, Տուպայի ու Հիւսիսային Էմիրութեանց եւ Քաթարի Ազգային Վարչութիւնները տարբեր օրերու վրայ տարածուած Ապրիլ 23 — 25 յատկացուցած էին 100 Ամեակի ծրագիրներուն: Իւրաքանչիւր շրջան կրցաւ լաւապէս կազմակերպել Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի հանդիսութիւնները:
Աննախնթաց խուռներամ բազմութեամբ Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2015-ին աւելի քան 300 անձերու ներկայութեամբ յիշատակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցիէն ներս:
Նոյն օրը Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրի Փիէռ Քէօսէեան սրահէն ներս ժողովուրդի բազմութիւնը, ուղիղ եթերի սփռումով հետեւեցաւ նահատակներու սրբադասման արարողութեան, ապա եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ցուցադրուեցաւ գաղութի հայ մանուկներու եւ պատանիներու կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանքներուն ցուցահանդէսը:
Նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի Ուրբաթ, Ապրիլ 24-ի երեկոյեան մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին, ապա պաշտօնական կերպով բացումը կատարուեցաւ այս առիթով եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս զետեղուած խաչքար յուշակոթողին նուիրատուութեամբ Վիքթոր Պարուտի:
Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2015-ին Ս. եւ Անմահ պատարագի մատուցումով եւ մոմավառութեամբ նշուեցաւ Քաթարի հայ համայնքին կողմէ հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակը:
ԱՄԷ եւ Քաթարի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Հայր Սուրբը նախագահեց վերոյիշեալ ոգեկոչական ձեռնարկներուն, եւ այս առիթով խօսք արտասանելով բնորոշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին կարեւորութիւնը, նոր էջ բանալով Հայ Դատի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ մատնանշեց նոր սերունդի պարտականութիւնը ու պատրաստակամութիւնը, հաւատարմօրէն հետեւելու եւ մասնակից դառնալու պահանջատիրական պայքարին ըսելով.- «մենք երրորդ սերունդն ենք Հայոց Ցեղասպանութեան, բախտաւորուեցանք լսելու եւ տեսնելու ջարդէն վերապրողներու վկայութիւնները հայոց ցեղասպանութեան մասին, եւ այդ ոգիով տարիներ շարունակ զգացական մօտեցումով նշեցինք ցեղասպանութիւնը: Այսօր մեր սպասումն է որ դուք ժառանգորդները հայոց ցեղասպանութեան միայն զգացական կերպով չմօտենաք, այլ դատական միջոցներով պահանջէք մեր աւելի քան 1,5 միլիոն նահատակներուն մարդկային, հողային եւ մշակութային կորուստը պահանջատիրութեամբ որպէս իրաւացի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու կտակին հաւատարիմ ժառանգորդները»:
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի գաղութէն ներս վերոյիշեալ թուականները դարձան անմոռանալի ու յիշատակելի օրեր խուռներամ ժողովուրդի մասնակցութեամբ: Այս առիթով շրջանէն ներս գործող միջազգային ու տեղական մամուլը լայնօրէն արձագանգեց հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձին: