Հինգշաբթի 1 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Հ. Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան՝ Պրն. Մհեր Մկրտումեանի հետ։
Աւելի քան 1 ժամ տեւող հանդիպումը կեդրոնացաւ վերջին օրերու ընթացքին Արցախի դէմ տեղի ունեցած պատերազմին շուրջ։
Այս առիթով Սրբազան Հայրը յանուն Ազգային իշխանութեանց, Հոգեւորականաց դասուն եւ Թեմի ժողովուրդին իր զօրակցութիւնը յայտնեց պարոն դեսպանին, մաղթելով Հայրենիքի անդորրութիւնը վտանգող այս պատերազմը, խաղաղութեան եւ յաղթանակի առաջնորդէ Հայաստանն ու Արցախը։
Նշենք՝ որ անցնող օրերու ընթացքին Սրբազան Հայրը մնայուն կապի մէջ էր Հ.Հ. Դեսպանին եւ Տուպայի ու Հիւսիսային Էմիրութեան Հիւպատոսին հետ Արցախեան պատերազմի նորութիւններու մասին։
Այս Առիթով մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը թելադրենք, ընդառաջել Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․Վեհափառ Հայրապետի կոչին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հ․հ․ դեսպանատան դիմատետրի էջին վրայ տեղադրուած հասցէին ուղարկել իրենց օժանդակութիւնը։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի