« Շաքէ Քիւրտօղլեան » Գրադարան
Ժողովուրդներու պատմութեան ընթացքին գրադարանները միշտ եղած են ուղղելու, լուսաւորելու եւ զարգացնելու հիմնական աղբիւրը, անոր համար է որ ամէն մէկ կրթական հիմնարկ, դպրոցներ եւ ազգային հաստատութիւններ ունեցած են սեփական գրադարաններ եւ միշտ տոգորուած են հայ գիրքի պանծացման գաղափարներով, ահաւասիկ այս նպատակին ծառայելու միտումով Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութիւնը քայլ առաւ գաղութին մէջ հիմնելով գրադարան մը 1999-ին Շարժայի համալիրին մէջ, որուն նուիրատուներն են Տէր եւ Տիկին Գուրգէն եւ Շաքէ Քիւրտօղլեանները: Այս գաղափարէն մեկնելով Ազգային Վարչութեան նպատակներէն մէկը եղած է այլազան ձեռնարկներու միջոցաւ շեշտել հայ գիրքին տեղն ու դերը մարդու կեանքին մէջ փորձելով միշտ վառ պահել հայորդիներուն սէրը հայ գիրքին նկատմամբ:
Շաքէ Քիւրտօղլեան գրադարանի գիրքերը հաւաքուեցան, կաթիլ-կաթիլ, ջրամբարի ջուրերու նման: Գաղութս այցելող զանազան եկեղեցականներ, մտաւորականներ եւ պարզ այցելուներ նուիրեցին գրքեր:
Գրադարանին բաւական մեծ քանակութեամբ գիրքեր նուիրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը (կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսած հրատարակութիւններ): Գրքահաւաքին օժանդակած է Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ նախկին դեսպան Արշակ Փոլատեան ինչպէս նաեւ հայրենի գրագէտներ Ռոլանտ Շառոյեան եւ Սպարտակ Ղարաբաղցեան: Գրադարանի ճոխացման իրենց մեծ ներդրումը կատարած են Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու Լեզուի Պետական Տեսչութեան պետ՝ Սէրկէյ Երեցեան եւ գաղութիս վաստակաւոր անդամներէն՝ Նշան Պասմաճեան: Գաղութի զաւակներէն ոմանք նաեւ մասնակից եղած են գրադարանի ճոխացման աշխատանքին նուիրելով գիրքեր, տեսաերիզներ եւայլն:
Գրադարանի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 12 Հոկտեմբեր 2001-ին, Թարգմանչաց Տօնի առթիւ, ձեռամբ՝ գաղութիս Հոգեւոր Հովիւ Տէր Արամ Քհն. Տէյիրմէնճեանին: Բացումին հիւրաբար ներկայ էր Տօքթ. Արշակ Փօլատեան՝ ՀՀ հաւատարմատար Էմիրութիւններու մէջ եւ գաղութէն բազմաթիւ ներկաներ:
« Շաքէ Քիւրտօղլեան » գրադարանը ներկայիս ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է 2711 գիրքեր, հետեւեալ պատկերով:
Հայ գրականութիւն, Հայոց պատմութիւն, Հայ մշակոյթ՝ 1420 գիրք
Կրօնական՝ 143
Հայերէն դասագիրքեր՝ 85
Հայ դասական գրականութիւն՝ 45
Քաղաքական՝ (Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով) 127
Լեզուական հարցեր եւ բառարաններ՝ 79
Մանկական հրատարակութիւններ Հայերէնով՝ 362
Մանկական հրատարակութիւններ Անգլերէնով՝ 470
2005-ին գրադարանը ճոխացած է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին օտարալեզու գրականութեամբ:
Գրադարանի յանձնախումբին մէջ տարբեր տարիներուն աշխատած են՝ Սեւակ Բատոյեան, Մուշեղ Պետիրեան, Յասմիկ Կարճիկեան, Մայտա Տեմիրճեան, Անժելա Գասարճեան, Գէորգ Օհանեան, Լինա Յովսէփեան, Սօսէ Մանճիկեան, Լենա Գազանճեան եւ Ժիրայր Աքքարի
Այսու կը յայտարարենք որ « Շաքէ Քիւրտօղլեան » գրադարանը բաց է հանրութեան ամէն Կիրակի, երեկոյեան ժամը 7:30 – 10:30: