Կիրակի, 17 Յունուար 2016-ի երեկոյեան ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Ազգային Առաջնորդարանը եւ հանդիպում ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի հետ:
Նոյն օրը թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան Մուֆթիին հետ, որ համագումարի մը առիթով կը գտնուէր Ապու Տապի: