Ս. Ծննդեան տօնին Առիթով ճաշկերոյթ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի նախագահութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան Տիկնանց յանձնախումբին եւ Թաղական խորհուրդին, երկուշաբթի 6 Յունուար 2020-ին տեղի ունեցաւ Ս. Ծնունդի առիթով ճաշկերոյթ համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս ուր ներկայ էին աւելի քան 120 անձեր: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ս. Ծնունդի պատարագի մատուցումը աւարտելէ ետք ժողովուրդը համախմբուեցաւ սրահէն ներս մօտաւորապէս ժամը 2:30-ին , յանձնախումբի ատենապետուհին Տիկ. Թամար Պետրճիկեան բացումը կատարեց ձեռնարկին երկու յանձնախումբերուն անուններով եւ շնորհաւորեց բոլոր ներկաներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը մաղթելով իրենց յաջող ու երազներու կատարման տարի: Սրբազան Հայրը ճաշասեղանը օրհնելէ ետք ներկաները...

Read More

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան Ս. Ծննդեան Աւետումը

Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ճրագալոյցի Ս. Պատարագի արարողութենէն անմիջապէս ետք Յիսուս Մանուկի Ծնունդը աւետեցին հաւատացեալ ժողովուրդին եկեղեցւոյ բակէն ներս: Աշակերտները գեղեցիկ կերպով ներկայացուցին՝ փունջ մը Ծննդեան երգեր եւ շարականներ, Սուրբ գրային համարներ եւ Ս. Ծնունդի բարի լուրը աւետեցին ներկաներուն՝ «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ Փառք, Երկրի վրայ Խաղաղութիւն եւ Մարդոց մէջ Հաճութիւն». Ներկաները Նախագահութեամբ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեանի, իրենց ծափողջոյններով եւ մասնակցութեամբ բարձր գնահատեցին Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտներուն կատարումը, ուսուցչուհիներուն աշխատանքը եւ Ս. Ծննդեան ուրախութեամբ բաժնուեցան: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարան...

Read More

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով թատերգութիւն

Անցնող տարիներու աւանդութեան համաձայն այս տարի եւս Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանի աշակերտութիւնը Շաբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2019-ին ժամը 1:00-ին Շարժայի համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս հրաւիրած էր իր աշակերտները, ծնողքները եւ բարեկամները Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան հանդէսին ներկայացման: 4-8-րդ կարգի աշակերտները մանկական ժպիտներով ու գեղեցիկ կատարողութեամբ ներկայացուցին (Առաքելութիւն ) թատերգութիւնը Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան դրուագը յատկանշող աւետարանական խօսքերով ու կենդանի պատկերներով: ((Առաքելութիւն)) թատերգութեան նպատակն էր ժամանակակից մօտեցումներով պատկերներով ու յիշատակներով վերակենդանացնել Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդին պատմութիւնը: Շուրջ կէս ժամ տեւող այս ներկայացումը վերջ գտաւ ներկաներուն խրախուսական խօսքերով եւ քաջալերական ծափողջուններով: Ներկայացումի աւարտին տեսչութեան կողմէն իւրաքանչիւր աշակերտին տրուեցաւ ապակեայ յուշանուէր մը որուն...

Read More

Սուրբ Ծննդեան Պատարագ

Երկուշաբթի 6 Յունուար 2020, Ս․ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի առիթով, Շարժայի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Պատարագ։ Ս․եւ Անմահ պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեան Առաջնորդ Ա․Մ․Է։ Սրբազան Հօր պատգամը կեդրոնացաւ Քրիստոսի ծնունդով աշխարհ եկած խաղաղութեան եւ յաւիտենական թագաւորութեան։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Քրիստոսի Մկրտութիւնը խորհրդանշող ջուրօրհնէքը։ Պատարագի ներկայ էին ՀՀ Դեսպան Պրն․ Մհեր Մկրտումեան եւ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց գլխաւոր հիւպատոս Պրն․ Սէյրան Կարապետեանը:      ...

Read More

Հանդիսաւոր Պատարագ Եւ Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն

​Ուրբաթ 27 Դեկտեմբեր 2019-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմէն ներս, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնը։ Այս առիթով Թեմի Առաջնորդանիստ՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիէն ներս, տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն։ Սարկաւագական ձեռնադրութեան արժանացան՝ Ճորճ կիսասարկաւագ Մինասեանն ու Շանթ կիսասարկաւագ Հայրապետեանը։ ​ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւնը կատարեց, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, որ իր օրուան պատգամին մէջ բացատրեց սարկաւագութեան կարեւոր դերակատարութեան մասին ըսելով. «Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս նուիրապետական կարգերուն այս առաջին պաշտօնը, ծառայութեան խորհրդանիշ է։ Սարկաւագութեան հասկացողութիւնը սկիզբ առած է, առաքելական ժամանակաշրջանէն, ժողովուրդի կարիքները ապահովելու համար։ Ժամանակուայ ընթացքին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս զարգանալով սարկաւագական հասկացողութիւնը,...

Read More