Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2013-ին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ Հայ Եկեղեցւոյ հինգերորդ տաղաւար տօնը, որ նուիրուած է Քրիստոսի Խաչափայտի վերացման յիշատակին: Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին նախագահեց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան: Ան քարոզի ընթացքին օրուան պատգամը փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին ըսելով .- «Քրիստոսի խաչափայտը մահուան պատիժ ըլլալէ դադրեցաւ, երբ Աստուծոյ Որդին իր անմեղ արեամբ մաքրագործեց Խաչին վրայ մարդկութեան մեղքը եւ Ս. Խաչը դարձուց փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի խորհրդանիշ: Որպէս քրիստոնեաներ հրաւիրուած ենք խաչակիր դառնալու Քրիստոսի եւ Աստուծոյ խոստացած փրկութիւնը ժառանգելու համար»:
Պատարագի աւարտին հանդիսապետութեամբ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, խուռներամ ժողովուրդի ներկայութեան. առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Խաչվերացի աւանդական անդաստան թափօրը դպրաց դասին եւ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, արարողութիւնը հոգեկան խոր ցնծութիւն եւ գոհունակութիւն պատճառեց ներկայ հաւատացեալներուն: