Կիրակի, 16 Փետրուար 2014-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն ներս, Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան Տիկնանց Յանձնախումբին կազմակերպած Հայ Կանանց Հոգեւոր սերտողութիւնը սկիզբ առաւ, նախագահութեամբ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին եւ շրջանի հոգեւոր հովիւին, նիւթ ունենալով ճանչնանք Աստուածաշունչը:
Շուրջ մէկ ժամուայ տեւողութեամբ Ս. Գիրքի սերտողութեան ընթացքին, ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուեցաւ Աստուածաշունչի գիրքերը հին եւ նոր կտակարաններով:
Աստուածաշունչի սերտողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 50 տիկիններ, օրուան պատգամը եւ Աստուծոյ խօսքը՝ իրենց կեանքին բաժին դարձնելով:
Հոգեւոր սերտողութիւնները պիտի շարունակուին ամէն կիրակի առաւօտեան ժամը 10:30 – 11:30: Մեր սպասումն է որ շրջանի բոլոր հայ տիկինները իրենց մասնակցութիւնը բերեն, աւելի մօտեն ճանչնան Ս. Գիրքը եւ իրենց կեանքի բաժինը դարձնեն ու աղօթքով Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանան: