Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց թեմէն ներս գործող Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, եւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց Առաջնորդարանիստ եկեղեցիէն ներս Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին Անկախութեան 98-րդ ամեակի առիթով:
Յընթացս Ս. Պատարագի արարողութեան, թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան նախագահեց եւ կատարեց հանրապետական մաղթանքը, օրուան խորհուրդին մասին խօսելով, Գերպ. Հայր Սուրբը գլխաւորաբար շեշտեց անկախութեան հրամայականը եւ անկախութիւնը պահելու անհրաժեշտութեան մասին, ան դիտել տուաւ անցնող տարիներուն հայութեան կեանքը յատկապէս Հայաստանի մէջ եւ անոր վերելքին իրավիճակը ու հայոց մարտունակ բանակի աստիճանական զարգացումները:
Գերպ. Հայր Սուրբը իր քարոզի աւարտին, յանուն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Ազգային Իշխանութեանց, յարակից մարմիններուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին երկար եւ քաջառողջ կեանք մաղթեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետին անուանակոչութեան տօնին 50 ամեակի առիթով: Նշենք թէ 1968-ին, Մայիսեան անկախութեան տօնակատարութեան առիթով, Վեհափառ Հայրապետը ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ վերակոչուելով Արամ, ի յիշատակ 1918-ի Մայիսեան յաղթանակի ղեկավար՝ Արամ Մանուկեանի: