Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմը իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստան – Սփիւռք 5-րդ խորհրդաժողովին: 19-20 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպութեամբ կայացաւ 5-րդ համաժողովը գլխաւոր 2 նիւթ ունենալով: Առաջին ցեղասպանութեան 100 ամեակի նշումը, երկրորդ Սուրիահայութեան իրավիճակը:
Երկու օրերու վրայ տարածուած աւելի քան 600 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ համաժողովը անդրադարձաւ կենսական երկու նիւթերուն շուրջ, որոնք դարձան խորհրդաժողովին կեդրոնական օրակարգի մտահոգութիւնը:
նշենք նաեւ որ այս համաժողովին բացման հանդիսութեան ընթացքին ի շարս քաղաքական եւ հոգեւոր պետերու ելոյթներուն խօսք արաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. հայրապետ առաջին անգամ ըլլալով հրապարակեց բացայայտ կերպով հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելով, ցեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով որպէս գործնական քայլ Կաթողիկոսարանը դատ պիտի բանայ Թուրքիոյ հանրապետական սահմանադրական դատարանէն ներս պահանջելով Կիլիկիոյ թագաւորութեան Սիս մայրաքաղաքի Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի պատկանող կալուածներն ու հողամասը:
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմը կը ներկայացնէին գլխաւորութեամբ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վարդապետ Սարգիսեան, Հրայր Սողոմոնեան, Սեդրակ Տէր Մելքոնեան, Վարդուկ Գարակուլէեան եւ Բագրատ Պալապանեան: