Նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ էմիրութեանց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի եւ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան պրն. Գեղամ Ղարիպճանեանի, Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի 24 Ապրիլ 2013ին երեկոյեան ժամը 8¬ին տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի Ապրիլեան նահատակներուն 98-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնը։
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր գեղարուեստական բաժին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Մարալ Պալապանեան «Կռունկը» մեներգելով, Ներսէս Սանոսեան կիթառի ընկերակցութեամբ, Լուսին թերզեան «Տէր Ողորմեա» եւ Լենա Լիպարիտեան մենապարով։
Օրուան բանախօսն էր շրջանի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը, որ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան անցնող 98 տարիներուն սփիւռքահայութեան տարած աշխատանքներուն մասին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ երջանկայիշատակ կաթողիկոսներուն տարած աշխատանքները այս ծիրէն ներս ըսելով՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը տեղահանութիւնը ապրեցաւ ու զգաց Մեծ Եղեռնի արհաւիրքը: 1930 թուականին Ս. Աթոռը երբ երկար թափառումներէ ետք վերջնականապէս հաստատուեցաւ Անթիլիաս — Լիբանան իր առաջնահերթ աշխատանքներէն մին եղաւ կառուցել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած առաջին յուշարձան Նահատակաց մատուռը: Ս. Աթոռի առաքելութեան մաս կը կազմէ Հայկական Դատը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծանօթացնել եւ տարածել օտար շրջանակներէն ներս»։ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը իր բանախօսութեան մէջ մատնանշեց թէ մեր պահանջատիրական պայքարը կը շարունակուի եւ ժամանակը հասած է արդէն հատուցման փուլին անցնելու։ Ան անդրադարձաւ նաեւ թրքական ներթափանցումներուն մասին, յատկապէս արաբական աշխարհէն ներս: Բանախօսութեան աւարտին ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց հետեւեալ կէտերուն մէջ խտացնելով իր մտածումները.
ա.¬ Հայկական Դատի միջազգային ճանաչումը։
բ.¬ Պահանջատիրութեան անզիչելիութիւնը։
գ.¬ Փոխ-հատուցման ծրագիրները։
դ.¬ Հայկական հարցի դիմադրելիք դժուարութիւնները:
ե.¬ Ապագայի ծրագրուած աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը։
Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը իր խօսքը եզրակացուց մէջբերելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետեւեալ խօսքը՝ «Ոչ մէկ Հայ իրաւունք ունի հեռու մնալու մեր ազգային պահանջատիրական պայքարէն»։
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Պրն. Դեսպանը, որ իր կարգին նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան կարեւորութիւնը։
Յայտագրի աւարտին դեսպանատան բակին մէջ զետեղուած խաչքարին առջեւ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մոմավառութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին։