ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ
ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԹԵՄԻ ՄԷՋ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՕԾՄԱՆ 20-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԱՌԻԹՈՎ
Ուրբաթ 3 Յուլիս 2015-ին Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի նախագահութեամբ, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց Եկեղեցիներէն ներս յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 20-րդ տարեդարձի առիթով:
«Հովիւն քաջ զանձն իւր դնէ ի վերայ ոչխարաց», Յովհաննու տասներրորդ գլուխէն քաղուած աւետարանի բնաբանը դարձաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին խորհրդածութեան նիւթը: Խօսելով քաջ հովիւի նուիրումին, ան շեշտեց ծառայութեան եւ զոհողութեան ոգին որ կը ցուցաբերէ հովիւը հանդէպ իր հօտին եւ ժողովուրդին:
«Անցնող 20 տարիներու ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր գահակալը քաջ հովիւի գիտակցութեամբ ու զոհողութեամբ հովուեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ սփիւռքահայութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը դարձաւ Հայ ժողովուրդի դատին ու պահանջատիրութեան ռահվիրան, մշակոյթի զարգացման փարոս, Հայ գիրի ու գրականութեան պաշտպան, յատկապէս արեւմտահայերէն լեզուի պահպանման ջատագովը ու այդ հեռանկարով ուղղեց ու դաստիարակեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական միաբանութիւնը:
Աւելի քան 30 ամեայ միջ-եկեղեցական կեանքէն ներս Վեհափառ Հայրապետը իր գործօն դերակատարութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերածեց միջազգային կեդրոնի» նշեց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը իր պատգամին մէջ:
Ան իր Քարոզի աւարտին յանուն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու Քաթարի Թեմի Ազգային Իշխանութեան ու Ժողովականութեան ու հոգեւոր դասուն սրտագին մաղթանքներ յայտնեց, աղօթելով Նորին Սրբութեան որ Աստուած երկար գահակալութեան տարիներ պարգեւէ ու առաւել յաջողութեամբ ծաղկեցնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր ծառայանուէր առաքելութեամբ: