Ուրբաթ, 23 Յունուար 2015-ին նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Պրն. Գեղամ Ղարիպջանեանի, Ապու Տապիի նորակառոյց Ս. Նահատակաց Եկեղեցիէն ներս Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ի յիշատակ Պաքույի ջարդերու անմեղ նահատակներուն եւ վերջերս Հայաստանի Կումրի քաղաքէն ներս Աւետիսեան ընտանիքի անմեղ զոհերուն:
Օրուան պատարագիչն էր շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան: