Կաթողիկոսական Փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի տնօրինումով եւ Ազգային զոյգ Վարչութեանց հրաւէրով շրջանէն ներս հիւրաբար կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տէր Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեանը՝ Վարիչ Քրիստոնէական բաժանումքի եւ Տեսուչ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու:

Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը իր կեցութեան ընթացքին առիթ ունեցաւ առաջին հերթին սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առիթով պատարագ մատուցանել եւ յաւուր պատշաճի քարոզել  Շարժայի եւ Ապու Տապիի համայնքներուն, ինչպէս նաեւ դասաւանդելու Շարժայի Օհաննէսեան Միօրեայ Վարժարանէն ներս: Ան առիթը ունեցաւ Կիրակի օր Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած Ս. գրոց սերտողութիւնը վարելու եւ օրուան պատգամը փոխանցելու: Ան հանդիպումներ ունեցաւ Կիրակնօրեայ Վարժարանի տեսչութեան, ուսուցչական կազմի եւ աշակերտութեան հետ եւ իր հայրական թելադրութիւնները փոխանցեց:

Հայր Սուրբը նոյն թափով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը շրջանէն ներս: