Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս, հայրապետական կոնդակով 2011 տարին հռչակած էր «Հայ մանուկի տարի»: Այս առթիւ, ընդառաջելով վեհափառին սրբազան կոչին, Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերակցութեան գրասենեակի ընդհանուր պատասխանատու եւ գործադիր քարտուղար` Հրայր Ճէպէճեան անձամբ նախաձեռնեց մանուկներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած «Մանկա-Մեսիա» գիրքի հայերէն տարբերակի հրատարակութեան գործին, որ այսօր, արդէն իսկ մեր տրամադրութեան տակ է եւ մաս կը կազմէ հայ հոգեւոր գրականութեան մատենաշարին:
«Մանկա»-ն հայացուած օրինակն է անգլերէնով Ճափոնի մէջ հրատարակուած առաջին բնագրին: Իր տեսակին մէջ, «Մանկա»-ն եզակի գիրք է: Նոր սերունդին ճաշակով դասաւորուած Աստուածաշունչի գունազարդ հրատարակութիւն մըն է ան, որուն նպատակն է Աստուծոյ խօսքը տանիլ դէպի մանուկին ու պատանիին հոգեկան աշխարհը: ՄԱՆԿԱ-ն կ՛ընդգրկէ Քրիստոսի ծնունդէն մինչեւ խաչելութիւն ու յարութիւն երկարող ժամանակաշրջանը եւ իր մէջ կ՛ամփոփէ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի կարեւորագոյն դրուագներն ու տնօրինական դէպքերը: Անկասկած, «Մանկա»-ն գունագեղ ծաղկեփունջն է Նոր Կտակարանին:
Դժբախտաբար մանկապատանեկան հոգեւոր գրականութեան կալուածին մէջ, հայերէնով հրատարակութիւնները սակաւաթիւ են: Այս իմաստով, «Մանկա»-ն կարեւոր հրատարակութիւն մըն է, որ կոչուած է պարզացուած հայերէնով նորահաս սերունդը ընտելացնել աստուածաշնչական դրուագներուն ու շունչին:
Այսօր աշխարհին մէջ մեր մանուկներն ու պատանիներն ալ կլանուած են համակարգիչով եւ համացանցով, ենթակայ են բարոյական սայթաքումներու, գայթակղութեանց եւ խարխափումներու, շարունակաբար կ՛ապրին արժէքներու շփոթ եւ այս ժխորին մէջ կը դժուարանան կարեւորը զատորոշել անկարեւորէն:
Ահաւասիկ` մեր նորագոյն սերունդի բարոյական դաստիարակութեանը օժանդակող լուրջ ուղեցոյց մը:
ՄԱՆԿԱ-ն կարելի է տարածել որպէս դասագիրք: Զայն կարելի է օգտագործել մեր վարժարաններուն, կիրակնօրեայ դպրոցներուն եւ կարեւորագոյնը` մեր տուներուն մէջ: Անոր միջոցով, կարելի է Աստուծոյ խօսքը լսել ու կարդալ Հայերէնով եւ անոր միջոցով կարելի է ամրացնել մեր ընտանիքներուն բարոյական շաղախը:
Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ` Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ եւ Հրայր Ճէպէճեանի ներկայութեամբ, Քուէյթի Ազգային վարժարանին մէջ հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ «Մանկա»-յին շնորհահանդէսը: Անցնող ամիսներուն հայ հոգեւոր պետերուն եւ համայնքային պատասխանատուներուն քաջալերանքով «Մանկա»-ն լայն տարածում ունեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի երկիրներուն մէջ եւ այսօր գրեթէ սպառած է «Մանկա»-ի այս առաջին հրատարակութիւնը:
Այս առթիւ կու գանք սրտագինս գնահատել «Մանկա»-ն հայերէնի թարգմանող Արտա Ճէպէճեանը: Երախտագիտութեան մեր խօսքը կ՛ուղղենք Հրայր Ճէպէճեանին, որ իր անձնական ջանքերուն կեդրոնացումով գլուխ հանեց այս կարեւոր աշխատանքը: Թող որ բարին Աստուած օրհնէ Ճէպէճեան ամոլը եւ առիթ ընծայէ, որ անոնք նորանոր ծրագիրներով եւ կրօնաբոյր հրատարակութիւններով հարստացնեն իրենց սեփական կեանքն ու Աստուածաշունչի ընկերակցութեան գործունէութեան դաշտը:
Երախտագիտութեան եւ օրհնութեան մեր զգացումները կը յայտնենք նաեւ տէր եւ տիկին Ալեքսան Փանոսեաններուն, որոնք ի յիշատակ իրենց ողբացեալ ծնողներուն` Յովհաննէս եւ Հերմին Փանոսեաններուն, յանձն առին ՄԱՆԿԱ-ի հրատակութեան մեկենասութիւնը:
Թող որ «Մանկա»-ն ընթերցող հայ մանուկներու անմեղ շրթներով արտասանուող աղօթքները խաղաղութիւն պարգեւեն ողբացեալ Յովհաննէս եւ Հերմին Փանոսեաններուն հոգիներուն եւ անոնց յիշատակը գործնականօրէն ապրեցնող հարազատներուն շնորհեն հոգեւոր մխիթարութիւն:
ԱՐԱՄ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ