Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան ու իր հովանաւորութիւնը վայելող յանձնախումբերու միջեւ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 28  Յունուար 2012-ին:

●       Առաջին օրակարգով ժողովականները ծանօթացան իրարու ու իրենց կատարած գործնէութեան տեղեկագիրը ներկայացուցին,
●       Երկրորդ օրակարգով իրենց գործնէութեան յառաջիկայ ծրագիրը ներկայացուցին,
●       Երրորդ օրակարգով տեղի ունեցաւ ընդանուր առաջարկներու ներկայացում:
Յանձնախումբերու անդամնրուն ներկայացուցած առաջարկները Ազգային Վարչութիւնը պիտի քննարկէ ու ծրագիրները կարելութեան սահմաններուն մէջ պիտի իրականացնէ:
Ազգային Վարչութիւնը նկատի պիտի ունենայ կազմակերպել նման հանդիպումները տարին երկու անգամ: