Այս բառերով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչները ու բարերարները, որոնք եկած էին Պիքֆայա, Շաբաթ 5 Ապրիլին ներկայ գտնուելու Միաբանութեան նոր Շէնքին բացման արարողութեան։
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Շէնքը որքան ալ գեղեցիկ ըլլայ արժէք չէ ինքնիր մէջ. արժէք կը դառնայ ան երբ նպատակի մը ի խնդիր՝ աղօթքով ու հաւատքով յոյսով ու տեսիլքով շնչաւորուի: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանները ի՜նչ տագնապալից օրեր ապրեցան անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին. ջարդ, աքսոր, գաղթականութիւն և աղքատութիւն իրար յաջորդեցին. իսկ Անթիլիասի մէջ նիւթական ահաւոր դժուարութիւնները, մեր գաղութներուն դիմագրաւած բազմազան կարիքները մղեցին որ մեր միաբանները ապրին առօրեայ կեանքին ամենախեղճ պայմաններուն մէջ: Ես կը յիշեմ տակաւին քանի մը տասնամեակներ առաջ երեք-չորս միաբաններ կը պառկէին նոյն սենեակին մէջ։ Սակայն մեր միաբանները երբեք չի դժգոհեցան ընդհակառակը անոնք աւելի նուիրումով ծառայեցին մեր ժողովուրդին, որովհետեւ մեր կոչումը ծառայել էր»:
Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.- «Ճշմարիտ բարերար է այդ անձը որ կու տայ առանց հաշիւի, առանց ակնկալութեան, առանց փառքի ու պատիւի մարմաջի. կու տայ նուիրական նպատակի մը, մասնակից դառնալով եկեղեցւոյ ու ազգին առաւել պայծառութեան ու հզօրութեան հաւաքական առաքելութեան: Այսպիսի բարերար են Տէր և Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան ամոլը։ Ո ́վ չի ճանչնար մեր եկեղեցւոյ ու ազգին իրենց նուիրական ծառայութիւնը ու անսակարկ բարերարութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ Ղարաբաղ, Լիբանանէն մինչեւ Քեսապ, Քուէթէն մինչեւ Արաբական Էմիրութիւններ, կատարած այս զոյգը։ Անմիջապէս որ Պրն. Հրայրին և Տիկին Մակիին դիմեցի որ ստանձնեն Միաբանութեան Շէնքին այս մեծածախս բարերարութիւնը, անոնք սիրով ընդառաջեցին։ Ահա ճշմարիտ բարերարի տիպար օրինակ մը»:
Ապա Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Տէր և Տիկին Հրայր և Մակի Սողոմոնեանի:
Միաբանական նոր շէնքին բացման արարողութենէն յետոյ Դպրեվանքի սաները իրենց հոգեւոր ու ազգային երգերով ծաղկեցուցին մթնոլորտը Պիքֆայայի բարձունքին: Նոյն օրը կէսօրին Վեհափառ Հայրապետը և միաբան հայրերը ճաշեցին Դպրեվանքին մէջ ներկայութեամբ Տէր և Տիկին Հրայր և Մակի Սողոմոնեանի: