Անցնող տարիներու աւանդութեան համաձայն այս տարի եւս Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանի աշակերտութիւնը Շաբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2019-ին ժամը 1:00-ին Շարժայի համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս հրաւիրած էր իր աշակերտները, ծնողքները եւ բարեկամները Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան հանդէսին ներկայացման:

4-8-րդ կարգի աշակերտները մանկական ժպիտներով ու գեղեցիկ կատարողութեամբ ներկայացուցին (Առաքելութիւն ) թատերգութիւնը Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան դրուագը յատկանշող աւետարանական խօսքերով ու կենդանի պատկերներով:

((Առաքելութիւն)) թատերգութեան նպատակն էր ժամանակակից մօտեցումներով պատկերներով ու յիշատակներով վերակենդանացնել Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդին պատմութիւնը: Շուրջ կէս ժամ տեւող այս ներկայացումը վերջ գտաւ ներկաներուն խրախուսական խօսքերով եւ քաջալերական ծափողջուններով:

Ներկայացումի աւարտին տեսչութեան կողմէն իւրաքանչիւր աշակերտին տրուեցաւ ապակեայ յուշանուէր մը որուն վրայ փորագրուած էր ոսկեղէն Ս. Ծննդեան աւետիսը յայտնող համար՝
«Երկինքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ ,փառք երկրի վրայ խաղաղութիւն եւ մարդոց մէջ հաճութիւն» Ղուկ. 2:14
Ներկաները զիրար ողջունեցին ըսելով «Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ» եւ բարեմաղթութիւններով ամանորեան տօնական մթնոլորտի ուրախութեամբ մեկնեցան սրահէն: