Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց տարածաշրջանի վրայ գտնուող հայութեան համար հոգեկան անհուն ուրախութիւն է Կիրակնօրեայ Վարժարանը:
Հինգշաբթի 9 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս վերսկսաւ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշխատանքները, աւելի քան 40 աշակերտներ ներկայ գտնուեցան անգամ մը եւս հաղորդուելու Կիրակնօրեայ Վարժարանի փոխանցած հոգեւոր գիտելիքներով, յատկապէս քրիստոնէական վարդապետութեան եւ հայ եկեղեցւոյ հաւատքի ու աւանդութեան մասին:
Տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի վերամուտի առիթով վարժարանի դասաւանդութեան աւարտին եկեղեցիէն ներս աշակերտները մասնակցեցան հաւաքական խոստովանութեան: Անոնք ընկալեցին Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին թելադրութիւնները: Այս առիթով Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ Կիրակնօրեայ Վարժարանի անհրաժեշտութեան ու կարեւորութեան, մասնաւորաբար Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց տարածաշրջանէն ներս նկատի առնելով հայ մանուկն ու պատանին, երեխան ու պարմանուհին որ ամենօրեայ շփումի մէջ է երկիրը լեցնող բազմազան կրօններու, տեսակաւոր ազգերու ու այլազան մշակոյթներու պատկանող սովորութիւններով: Այս թոհ ու բոհին մէջ կիրակնօրեայ վարժարանը յատուկ կերպով խնամք կը տանի նորահաս սերունդին որպէսզի օտար երկրի մէջ անոնց հաւատքը զօրացնէ դառնալու համար տիպար քրիստոնեայ անհատներ:
Այս առիթով Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը գնահատեց կիրակնօրեայ վարժարանի ծառայող ուսուցչական կազմը, յատկապէս անոնց գլխուն կանգնող տեսչուհին, որոնք նուիրական աշխատանք կը տանին վարժարանէն ներս: Ապա աշակերտները եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր հովիւին ձեռամբ ստացան Ս. Հաղորդութիւն: