Շաբաթ՝ 30 Յունուար 2016-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Համալիրէն ներս ընդհանուր նիստ մը կայացաւ Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան հովանաւորութեան տակ գործող յանձնախումբերու: Հանդիպումը կատարուեցաւ նախագահութեամբ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի եւ մասնակցութեամբ Ապու Տապիի Ազգային Երեսփոխաններու:
Այս հանդիպումը առիթ մը ընծայեց արժեւորելու անցնող տարուայ ընթացքին յանձնախումբերու գործունէութիւնները եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ժողովին ներկայացուեցան յանձնախումբերու 2016 տարուայ ընդհանուր նախատեսուած ծրագիրները եւ աշխատանքները:
Փակման խօսքով հանդես եկաւ Հոգշ. Հայր Սուրբը որ մեծապէս գնահատեց տակաւին մեկ տարուայ կեանք ունեցող թեմի աշխատանքները որոնք յաջողութեամբ արձանագրուեցան, ապա ժողովականերու ուշադրութեան յանձնեց յառաջիկայ տարուան ընթացքին գործունէութեան ուղեգիծն ու ծրագիրները: