Հինգշաբթի 13 Փետրուար 2020-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի Նախատօնակի արարողութիւնը երեկոյեան ժամը 19-ին։
Թեմիս Առաջնորդ’ Գերշ․ Տէր Մերսորպ Եպս․ Սարգիսեան Նախագահեց արարողութեան Ապու Տապիի Առաջնորդանիստ Ս․ Նահատակաց եկեղեցիէն ներս եւ փոխանցեց օրուայ պատգամը։ Սրբազան Հայրը խօսելով օրուայ խորհուրդի մասին անդրադարձաւ հիմնական երկու կէտերու շուրջ․
ա․- Սիմէոն Ծերունի պատրաստակամութիւնը յառաջացած տարիքի մէջ գտնուելով, սպասելու ծնեալ Փրկիչը, որ իր ծնողքին ընկերակցութեամբ ծնունդէն քառասուն օրեր ետք կ՛ընծայաբերուէր տաճարին օրէիքին համաձայն, երեւոյթ մը որ դժբախտաբար այսօրուայ ընկրութեան կանքէն ներս սկսած է իր արժէքը կորսնցնել։ “Մանուկի եկեղեցի ընծայումը նախքան մկրտութիւնը Ատուածային Օրհնութիւնը ստանալու մեծագոյն առիթն է, եւ իր կարեւոր դրակատարութիւնը ունի”․ ըսաւ սրբազան հայրը։
բ․- Ծնեալ Փրկիչի ծնողքի աւանդապահութիւնը եւ հաւատքը մանուկը Աստուծոյ ընծայաբերելու։ “Երեւոյթ մը որ արտայայտութիւն մըն է Մարիամին եւ Յովսէփին աւանդապահութեան եւ հաւատքին, անհրաժեշտութիւն է որ կառչած մնանք մեր աւանդութիւններուն ու յատկապէս եկեղեցական աւանդութիւններուն, ինչ որ քաջալեր պիտի հանդիսանայ զաւակներու քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ եկեղեցւոյ կապուածութեան” ըսելով եզրափակեց քարոզը սրբազան հայրը։
Արարողութեան աւարտին հաւատացեալներու ըկերակցութեամբ տեղի ունեցաւ աւանդական Տեառնընդառաջին կրակը։
Դիւան Ազգ․ Առաջնորդարանի