Պահրէյնի պետութեան կազմակերպութեամբ 5 – 7 Մայիս 2014-ին Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար նուիրուած քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու:

Սոյն համագումարին Պահրէյնի թագաւորին յատուկ հրաւէրով իր մասնակցութիւնը բերաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս որուն շքախումբին միացաւ շրջանիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը:

Համագումարի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իր գործօն մասնակցութիւնը ու թելադրութիւնները կատարեց սոյն համագումարի յարատեւութեան: