Նախագահութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայից Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի, Ատենապետութեամբ Պրն. Հրայր Սողոմոնեանի եւ Պրն. Յարութ Պէտիրեանի, Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի 19 – 20 Մարտ 2014-ին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Համալիրի՝ Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական 20րդ լիագումար ժողովը:
Երկու օրերու վրայ տարածուած ժողովը սկիզբ առաւ գովաբանական աղօթքով, որուն յաջորդեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետի պատգամի ընթերցումը, ապա զոյգ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբերու ողջոյնի խօսքերը: Գերապատիւ Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան իր խօսքին մէջ գոհութիւն եւ փառք յայտնեց Աստուծոյ որ առիթը տուաւ միասին երկու օրերու վրայ քննարկելու եւ արժեւորելու թեմի ազգային կեանքի միամեայ գործունէութիւնը, ապա վեհափառ հայրապետի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ու անդրադարձաւ ժողովի բարեյաջող ընթացքին: Խօսք առաւ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, ան ժողովականներուն ուշադրութեան յանձնեց թէ այս ժողովը պէտք է հիմնուի ժողովուրդի ու ազգի գերագոյն շահերէն, քննարկելու մեր ապրած տարածաշրջանի մէջ ներկայ ընկերութեան ստեղծած մարտահրաւէրները:
Ժողովի ընթացքին յաջորդաբար քննարկուեցան Քուէյթի, Ապու Տապիի, Գաթարի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրները, որոնք արժանացան ժողովականներու գնահատանքին, ժողովը անդրադարձաւ անոնց կատարած իրագործումներուն եւ մաղթեց յառաջիկային աւելի յաջողութիւն ձեռք բերեն ազգային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս:
Ժողովը իր օրակարգին մէջ ունէր հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչումը եւ անոր հետ առնչուած ծրագիրները: Ժողովը անդրադարձաւ երիտասարդութեան ու Սուրիահայութեան հրատապ հարցը եւ համապատասխան որոշում գոյացուց:
Ժողովը վերջ գտաւ Հինգշաբթի երեկոյեան: Փակման խօսքով հանդէս եկան զոյգ շրջաններու ատենապետերը, որոնք իրենց բարեմաղթութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեցին Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան ջերմ ընդունելութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներու յաջողութեան: Ապա Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան իր փակման խօսքին մէջ ժողովականներուն ուշադրութիւնը գրաւեց առաջին հերթին խօսելով որ Ազգային Երեսփոխանական ժողովը ազգի ու ժողովուրդի շահերէ մեկնած իր նիստերը կրցաւ գումարել ազգին յուզող հարցերուն շուրջ: Ան ըսաւ «աւելի կ’սպասենք գաղութի ներքին կեանքը յուզող մարտահրաւէրներու մասին անդրադարնալու», ան իր խօսքը երեք հիմնական կէտերու մէջ խտացուց:
- Հոգեւոր կեանքի ծարաւը: Ինչպէս գիտենք այս օրերուն հետ բաղդատմամբ անցեալին Հայ եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր կեանքը աւելի աշխուժ էր: Այսօր ժողովուրդի ծարաւը յագեցնելու համար կարիքը կայ եկեղեցականներու շրջանէն ներս, կարելի չէ աւելի քան 7000 բնակչութիւն ունեցող շրջանի մը երկու հոգեւորական նշանակել:
- Երիտասարդութեան մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Դժբախտաբար ներկայ ընկերութեան ստեղծած մարտահրաւէրներէն մին է երիտասարդութեան կրաւորական մասնակցութիւնը ազգային ու եկեղեցական կեանքէն ներս: Հետեւաբար անցան այդ օրերը ուր եկեղեցին առանց ճիգ կատարելու հաւատացեալներով կը լեցուէր: Այսօրուան պահանջներուն վրայ հիմնուելով եկեղեցին պէտք է ժողովուրդին երթայ ու երիտասարդութիւնը ներգրաւէ ազգային ու եկեղեցական կեանքէն ներս:
- Մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մին ազգապահպանման ու հայեցի դաստիարակութիւնն է: Որոնք այսօր պէտք է դառնան մեր մտահոգութեան առարկան, նկատի ունենալով հայ երիտասարդութեան ցուլումը տարածաշրջանէն ներս, այս իմաստով շրջանէն ներս գործող ազգային վարժարանները աւելի կազմակերպուած ծրագիրներ պէտք է ունենան այս հարցին շուրջ»:
Ապա իր խօսքին մէջ հայր սուրբը անդրադարձաւ ամբողջ հայութիւնը յուզող համազգային մտահոգութեան մասին սուրիահայութեան: Ան հրամայական նկատեց ըսելով «որ իբրեւ հայեր չենք կրնար անտարբեր մնալ այս հարցին շուրջ պէտք է մեր գործօն մասնակցութիւնը բերենք սուրիահայ գաղութի պաշտպանութեան համար»: