Նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի Չորեքշաբթի, 1 Մարտ 2017-ի երեկոյեան Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարանի Սուրէն Գոժագեան սրահէն ներս սկիզբ առաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Գ. (ԻԳ) Լիագումար նիստը:
Աղօթքէն անմիջապէս ետք Արժ. Տ. Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ այս առիթով ուղարկած օրհնութեան գիրը, որմէ անմիջապէս ետք Գերապատիւ Հայր Սուրբը բարի գալուստ մաղթեց ժողովականներուն: Այս առիթով Գերապատիւ Հայր Սուրբը յառաջիկայ երկու տարիներուն համար ժողովականներուն ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ գլխաւոր կէտերը:
— Եկեղեցւոյ կեանքը աւելի բարգաւաճ ընթացքի վերածել, յատկապէս ժողովուրդի մասնակցութիւնը առաւել չափով քաջալերելու: Ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց Տուպայի մէջ կեդրոն մը ունենալու կարեւորութիւնը, երիտասարդները համախմբելու եւ եկեղեցական արարողութիւններ կատարելու պարբերաբար:
— Երիտասարդութեան դերակատարութիւնը առաւել եւս քաջալերելու համայնքային կեանքէն ներս, նկատի առած երկրին պայմանները եւ ապրելաձեւը որ այսօր երիտասարդութիւնը հեռու կը պահէ եկեղեցական ու ազգային կեանքէն:
— Տարածաշրջանէն ներս գործող միօրեայ ազգային վարժարաններուն առաւել թափ տալ, անոնց գործունէութեան հետամուտ ըլլալ եւ առաւել չափով աշակերտներուն մասնակցութիւնը ապահովել:
Ապա խօսք առնելով Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Պրն. Հրայր Սողոմոնեան բարի գալուստ մաղթեց Ազգային Երեսփոխաններուն եւ ներկայ վարչականներուն, որմէ ետք սկիզբ առաւ երկու օրերու վրայ տարածուած Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Լիագումար նիստը որ գլխաւորաբար կը պարունակէր հետեւեալ օրակարգը՝
- Թեմի 3 շրջաններու Ազգային Վարչութեանց նիւթաբարոյական տեղեկագիրներու ներկայացում եւ քննարկում:
- Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւն:
- Ազգային Պատգամաւորական ներկայացուցիչներու ընտրութիւն:
- Ազգային Վարչութեանց ընտրութիւն (Ապու Տապի, Տուպայ եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններ, Քաթար):
- Թեմը յուզող զանազան հարցեր ու մտահոգութիւններ:
Յառաջիկայ չորս տարիներուն համար, Ազգային Երեսփոխանական ժողովականներուն կողմէ ընտրուեցաւ հետեւեալ ազգայինները որպէս Պատգամաւորական ժողովի ներկայացուցիչներ՝ Պրն. Հրայր Սողոմոնեան, Պրն. Գրիգոր Մահսերէճեան եւ Պրն. Սեպուհ Մանճիկեան:
Ժողովը իր աւարտին հասաւ Հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 17:00-ին: Ժողովի Ատենապետը իր շնորհակալութեան խօսքը յայտնեց ժողովականներուն եւ մասնակիցներուն եւ գնահատեց անցնող տարուայ ընթացքին Ազգային Վարչութեանց տարած աշխատանքը:
Ապա փակման խօսքը կատարեց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերապատիւ Հայր Սուրբը որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովականներուն իրենց կատարած առաջարկներուն ու քննարկումներուն, որոնք մեծապէս պիտի նպաստեն գալիք տարուայ աշխատանքներուն: Ինչպէս նաեւ բարձր կերպով գնահատեց ընթացաւարտ Ազգային Վարչութեանց գործունէութիւնը նշելով որ բոլոր անդամները լուրջ պատասխանատու եւ նուիրեալ գործունէութիւն կատարած են անցնող շրջանին: Ապա իր խօսքի աւարտին, Գերապատիւ Հայր Սուրբը բարի երթ մաղթեց վարչականներուն որոնք պիտի չկրնան շարունակել յառաջիկայ շրջանին իրենց ծառայութիւնը կատարել ազգային կեանքէն ներս եւ բարի գալուստ մաղթեց նորընտիր վարչականներուն որոնք նոր թափով ու աշխատանքով իրենց ծառայութիւնը պիտի մատուցեն համայնքի կեանքէն ներս:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի