Տուպայ և Հ. Էմիրութիւններ
Գաղութ
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ ապրող հայերուն թիւը կը գնահատուի 5000, որոնց շուրջ 1000-ը Հայաստանէն իսկ մնացեալը սփիւռքեան զանազան գաղութներէ (Սուրիա, Լիբանան, Պարսկաստան, Իրաք, եւայլն) եկած եւ համախմբուած են այստեղ կազմելով համեմատաբար նոր գաղութ մը:
Միօրեայ Վարժարան
Հիւսիսային Էմիրութեանց առաջին Ազգային Վարչութեան գլխաւոր ու առաջին աշխատանքը եղած է հիմնել Հայկական Միօրեայ Վարժարանը, որ սկսած է 1980-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Եկեղեցի
Հոգեշ. Տ. Օշական Վրդ. Չօլոյեան առաջին անգամ 1979 թուականին կ՛այցելէ Շարժա-Տուպայ, Քուէյթի Ազգ. վարչութեան անդամներէն Մելիք Մելիքսէթեանի եւ կարգ մը ազգայիններու հետ, 23 Դեկտեմբեր 1979ին տեսակցութիւն կ՛ունենայ Շարժայի Շէյխին՝ Մուհամէտ Էլ Քասիմիի անձնական խորհրդականին՝ Ապտալլահ Ճումաա Մութաուայի հետ
Յանձնախումբեր
Հիմնադրութենէն ի վեր՝ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութիւնը կազմեց զանազան յանձնախումբեր, որոնք վարչութեան ցուցմունքներով բազմաթիւ աշխատանքներով կը ծաղկեցնեն գաղութիս կեանքը՝ իւրաքանչիւրը իր ասպարէզին մէջ:
Օհաննէսեան Հայկական Միօրեայ Վարժարան
Հիւսիսային Էմիրութեանց առաջին Ազգային Վարչութեան գլխաւոր ու առաջին աշխատանքը եղած է հիմնել Հայկական Միօրեայ Վարժարանը, որ սկսած է 1980-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Շուրջ 18 տարի վարժարանը ունեցած է թափառական բնոյթ: Վարձուած են տարբեր դպրոցներ որոշ ժամանակի մը...Հոգաբարձութեան Խորհուրդ
Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն դարձած է Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց հայ համայնքին հոգածութեան եւ գուրգուրանքի առարկան : Իրերայաջորդ հոգաբարձական կազմի անդամները եղած են հոգալու համար վարժարանին բոլոր կարիքները ու պէտքերը:
Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթող
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն անմար յիշատակը յաւերժացնելու համար, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներուն մէջ զետեղուած են յուշակոթողներ, յուշարձաններ ու Խաչքարեր: Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ, զետեղուած է խաչքար մը,...Այբուբէնի Յուշարձան
Հինգերորդ դարու սկիզբը, 405 թուականին, տեղի ունեցաւ հայոց պատմութեան մեծագոյն դեպքերէն` Հայ Գիրերու Գիւտը: