Շաբաթ 18 Յունուար 2020-ին առաւօտուն, Ապու Տապիի Ազգային Արա Խանոյեան Միօրեայ Վարժարանի Դպրոցի աշակերտները եւ Շարժայի Ազգային Օհաննէսեան Միօրեայ Վարժարանի բարձր կարգի աշակերտները, միասնաբար այցելեցին Ապու Տապիի մէջ գտնուող <louvre> թանգարան։ Դաստիարակչական այս պտոյտը, աշակերտներուն առիթը ընձերեց մօտէն ծանօթանալու թանգարանին մէջ գտնուող պատմական իրերուն եւ ծանօթանալու քաղաքակրթութեան կարգ մը անցուդարձերուն։
Աշակերտները բոլորն ալ ուշի ուշով հետեւեցան եւ հետաքրքրական հարցումներ հարցնելով փորձեցին լաւապէս ծանօթանալ թանգարանի մանրամասնութեանց։
Մէկ ու կէս ժամ տեւող այցելութենէն ետք բոլորը միասնաբար խմբային նկարով մը անշարժացուցին օրուան շարժառիթը։
Ապա բոլորը միասնաբար ուղղուեցան դէպի Ապու Տապիի Ազգային Արա Խանոյեան Միօրեայ Վարժարան, որտեղ ճաշեցին եւ յետոյ առիթը ունեցան միասին ժամանակ անցնելու եւ իրար հետ ծանօթանալու։
Նշենք թէ այս միջոցառումը երկու դպրոցներուն համար դրական անդրադարձ ունեցաւ, աշակերտներուն միջեւ ստեղծելով սերտ յարաբերական կապ մը։ Յետագային այսպիսի հանդիպումներ դարձեալ պիտի փորձենք ստեղծել մեր աշակերտներուն միջեւ ստեղծելու գործակցութեան եւ ընկերային յարաբերութեան ոգին։
Օրուան աւարտին աշակերտները վերադարձան իրենց տուները բարձր տրամադրութեամբ եւ անմոռանալի ուրախ պահերով։