Հեղինակ՝ zenta

Լիբանանի Ուժանիւթի Եւ Ջուրերու Հարցերու Նախարար Արթիւր Նազարեան Կ’այցելէ Ազգային Առաջնորդարան

Կիրակի, 17 Յունուար 2016-ի երեկոյեան ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Ազգային Առաջնորդարանը եւ հանդիպում ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի հետ:

Read More

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, 18-19 Յունուար 2016-ին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած Արաբական Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի ժողովներուն:

Read More

Դպրաց, Կիսասարկաւագաց եւ Սարկաւագաց Ձեռնադրութիւն

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմէն ներս Հինգշաբթի 28 եւ Ուրբաթ 29 Յունուար 2016-ին կատարուեցաւ ձեռնադրութիւններ: Այս առիթով թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրով ձեռնադրութիւնները կատարեց Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը:

Read More

Տարեկան Ընդհանուր Ժողով Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան եւ Յանձնախումբերու

Շաբաթ՝ 30 Յունուար 2016-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Համալիրէն ներս ընդհանուր նիստ մը կայացաւ Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան հովանաւորութեան տակ գործող յանձնախումբերու: Հանդիպումը կատարուեցաւ նախագահութեամբ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի եւ մասնակցութեամբ Ապու Տապիի Ազգային Երեսփոխաններու:

Read More

Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբի Հարցազրոյցը Tele Lumiere – Noursat Հեռուստատեսիլի Կայեանի Հետ

Հարցազրոյցի նպատակն էր ներկայացնել Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց տարածաշրջանէն ներս գործող Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները եւ անոնց եկեղեցիներն ու գործունէութիւնները: Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Հայր Սուրբը պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ տարածաշրջանէն ներս հայութեան տեղաւորուելու մասին

Read More