Նախագահութեամբ ԱՄԷ եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանին եւ ԱՄԷ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան եւ գլխաւորութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Պրն Արա Քէօսէեանի: Ազգային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ 4 Մայիս 2013-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ անդրանիկ նիստը 2013 տարեշրջանի Ազգային Վարչութեան Յանձնախումբերուն:
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը բացման խօսքի մէջ ողջունեց ներկաները ըսելով.- «Ասպարէզի որ մէկ ճանապարհը ընտրենք, յաջողութեան կարելի է հասնիլ միայն նուիրեալ, ծրագրեալ եւ միասնական աշխատանքներով: Հայ ժողովուրդի ազգային ու եկեղեցական կեանքը եկեղեցանուէր, ազգանուէր եւ հայրենանուէր անձերով կը կերտուի: Աշխարհի չորս ծագերուն ապրող Հայ ժողովուրդը միեւնոյն է, տարբեր է միայն իրենց բնակած երկիրներով: Բոլորս նոյն ընտանիքի անդամներն ենք, որպէս յանձնախումբի անդամներ շատ տալիք ունինք մեր ժողովուրդին, անոնք մեզմէ սպասումներ ունին: Գլխաւոր նպատակն է պահպանել Հայ ինքնութիւնը սփիւռքի մէջ: Այս իմաստով եկեղեցին ու ազգային կառոյցները պիտի շարունակեն կարեւոր դեր կատարել սփիւռքի մէջ մեր հաւատքը եւ Հայկական դիմագիծի պահպանելու ուղղութեամբ: Անհրաժեշտ է կազմակերպել նոր աշխատանքներ ծրագրելով, որպէսզի մեր ժողովուրդի ազգային ու եկեղեցական կեանքը առաւել բարեզարդուի»: Կաթողիկոսական Փոխանորդը գոհունակութիւն յայտնեց շրջանին աշխոյժ եւ եռանդուն անդամներուն գործունէութեան:
Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Պրն. Արա Քէօսէեան ներկայացուց վարչութեան նախատեսած ծրագիրները եւ կոչ ուղղեց աշխուժօրէն համագործակցելու իրար հետ: Ան նշեց «Նորանոր միջոցներ պէտք է որոնել հայկական մշակոյթը դրսեւորելու, այս նպատակէն մեկնելով կեանքի կոչեցինք համալսարանաւարտ երիտասարդներէ կազմուած “YAN” յանձնախումբը: Ինչպէս գիտէք անցեալ տարի կայքէջի եւ տեղեկատուութեան յանձնախումբը կեանքի կոչուեցաւ: Քաջ գիտենք որքան անհրաժեշտ է ժամանակակից ընկերութեան մը համար մատչելի տեղեկութիւններ ունենալու կարեւորութիւնը: Այսօր համակարգչային հրապարակումներուն միջոցաւ մենք առիթը կ’ունենանք մեր լուրերը տարածել գաղութին մէջ եւ ժողովուրդին հասցնել. աւելի աշխուժացնելու համար, միշտ պէտք ունինք համագործակցութեան: Մեր նպատակն է հարստացնել Emahay-ը: Այս ծրագիրը օրըստօրէ կ’ընդլայնի միայն ձեր գործակցութեամբ»: Պրն. Ատենապետը շեշտեց թէ «ինչպէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Կաթողիկոս պատգամած է Հայ ժողովուրդէն միշտ պահանջատէր ըլլալ, կրկին կը տեսնենք այն կամուրջը որ վարչութիւնը կազմած է՝ 100 Ամեակի Յանձնախումբը որ իր իւրայատուկ գործունէութիւնը պիտի ունենայ շրջանէն ներս»:
Ժողովին առիթ տրուեցաւ որ իւրաքանչիւր յանձնախումբ ներկայացնէ իր նախատեսած ծրագիրները եւ առաջարկները:
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեցին ներկաներուն, անոնց մաղթելով յաջողութիւն ապագայի իրենց ազգանուէր աշխատանքներուն:
Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն Բիէր Քէօսէեան սրահին մէջ եւ դարձեալ հանդիպելու վառ յոյսերով բոլորը հրաժեշտ տուին իրարու: