Դռնբացէքի Արարողութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Եւ Քաթարի Թեմէն Ներս

Կիրակի, 20 Մարտ 2016-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եւ Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներէն ներս կատարուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրական արարողութիւններէն դռնբացէքի կարգը: Ապու Տապիի մէջ Դռնբացէքի արարողութեան նախագահեց Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, արարողութեան մասնակցեցաւ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան: Այս առիթով Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիէն ներս քարոզեց Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ դռնբացէքի արարողութեան հոգեւոր նշանակութեան ու բարոյական իմաստին: Դիւան Ազգային...

Read More

Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին Անկախութեան 98-րդ Ամեակի Տօնախմբութիւն

Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց թեմէն ներս գործող Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, եւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց Առաջնորդարանիստ եկեղեցիէն ներս Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին Անկախութեան 98-րդ ամեակի առիթով: Յընթացս Ս. Պատարագի արարողութեան, թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան նախագահեց եւ կատարեց հանրապետական մաղթանքը, օրուան խորհուրդին մասին խօսելով, Գերպ. Հայր Սուրբը գլխաւորաբար շեշտեց անկախութեան հրամայականը եւ անկախութիւնը պահելու անհրաժեշտութեան մասին, ան դիտել տուաւ անցնող տարիներուն հայութեան կեանքը յատկապէս Հայաստանի մէջ եւ անոր վերելքին իրավիճակը  ու հայոց մարտունակ բանակի աստիճանական զարգացումները: Գերպ. Հայր Սուրբը իր քարոզի աւարտին, յանուն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Ազգային Իշխանութեանց, յարակից մարմիններուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին երկար եւ քաջառողջ կեանք մաղթեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետին անուանակոչութեան տօնին 50 ամեակի առիթով: Նշենք թէ 1968-ին, Մայիսեան անկախութեան տօնակատարութեան առիթով, Վեհափառ Հայրապետը ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ վերակոչուելով Արամ, ի յիշատակ 1918-ի Մայիսեան յաղթանակի ղեկավար՝ Արամ...

Read More

ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ԱՐԱ ԽԱՆՈՅԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 4 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 4-ին Ապու Տապիի նորակառոյց Արա Խանոյեան Ազգային վարժարանի Սուրէն Գոժագեան սրահէն ներս կատարուեցաւ ամավերջի հանդէսը:
Նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տէր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ եւ վարժարանի տեսուչ՝ Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանի, Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ ծնողներու սկիզբ առաւ միօրեայ վարժարանի հանդէսը:
Ուսուցչական կազմին կողմէ պատրաստուած էր կոկիկ յայտագիր մը, ուր աշակերտներուն կողմէ ներկայացուեցաւ փունջ մը ասմունքներ, խմբային երգեր եւ պարեր: Հերթաբար մանկապարտէզի դասարանէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտները բեմ բարձրանալով ունեցան իրենց ելոյթները: Բացման խօսքը կատարեց ուսուցչական կազմէն Տիկին Մարիա Մուրատեան, օրուան հանդիսավարն էր Տիկին Մարալ Պալապանեան: Հանդէսի ընթացքին պաշտօնական բաժնին մէջ ելոյթ ունեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Պրն. Յակոբ Այնէճեան, ներկայացնելով անցնող տարեշրջանի վարժարանի ուսումնական իրավիճակը:

Read More

Այցելութիւն Լիբանանի Դեսպանատուն

Չորեքշաբթի 15 Յունիս 2016-ին կէսօրուան ժամը 12:00-ին թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան ընկերակցութեամբ Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն Բագրատ Պալապանեանի ինչպէս նաեւ եկեղեցաշինութեան յանձնախումբի անդամ եւ Ապու Տապիի Լիբանանի Առեւտրական Խորհուրդի անդամ՝ Պրն. Գրիգոր Մահսերեճեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին Լիբանանի դեսպանատուն:

Read More

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՕԾՄԱՆ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ 21-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմէն ներս Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2016-ին շրջանէն ներս գործող Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցան Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը: Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան 21-րդ տարեդարձի առիթով: Ս. Պատարագը մատուցեց շրջանի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան, արարողութեան նախագահեց թեմիս Կաթողիկոսին Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան: Ան իր պատգամը փոխանցեց ժողովուրդին անդրադառնալով հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն երրորդին՝ քրիստոսի այլակերպութեան դրուագին եւ անոր խորհուրդին ու արժէքին մասին, ուր իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ հաւատացեալ կոչուած է իր կեանքը  ու ներաշխարհը այլակերպելու Քրիստոսի լոյսով: Գերապատիւ Հայր Սուրբը իր պատգամի աւարտին նաեւ անդրադարձաւ անցնող 21 տարիներու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր Գահակալին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եկեղեցանուէր ու ազգաշէն գործունէութեան մասին որպէս հովուապետ: Դիւան Ազգային...

Read More