Կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան եւ Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան Չորեքշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2015-ին Ապու Տապիի Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան սրահէն ներս նշուեցաւ Հայաստանի վերանկախացման 24-րդ տարեդարձը:
Տօնակատարութեան սկիզբը խօսք առաւ Լուսի Տէր Գալուստեան, յանուն Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ազգայիններուն եւ անկախութեան նուիրուած յատուկ բանաստեղծութիւններով կատարեց իր բացման խօսքը: Ապա բեմ հրաւիրեց Հ Հ դեսպան Պրն. Գեղամ Ղարիպճանեանը: Ան իր հերթին ողջունեց ներկաները եւ ապա ընթերցեց Հ Հ վսեմաշուք Պրն. Նախագահին պատգամը անկախութեան 24-րդ տարեդարձին առիթով:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հ Հ անկախութեան, յատկապէս անոր առաջին տարիներու դիմագրուած դժուարութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ շեշտեց 70 տարիներու Սովետ Միութեան պատճառած հալածանքները ըսելով.- «ընդհանրապէս անկախութիւնները կը կերտուին ազգերու կեանքին մէջ նահատակութեամբ ու արեամբ, սակայն հայաստանի վերանկախացումը տեղի ունեցաւ հետ Սովետ Միութեան փլուզումին: Այս իմաստով մենք վերանկախութեան տիրացանք առանց նահատակութեան ու արեան հեղումի, սակայն պատմութիւնը կը վկայէ որ մենք շատ նահատակներ տուինք հայաստանի մէջ»:
Հոգշ. Հայր Սուրբը խօսքի աւարտին իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց ներկաներուն եւ հայրենի ժողովուրդին ու անոր պետութեան որ գալիք օրերը Հայաստանի Հանրապետութիւնը աւելի հզօրանայ ու քաջ քայլերու դիմէ իր ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ:
Տօնակատարութեան ընթացքին կատարուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ասմունքեց Ատիս Մուրատեան եւ մեներգեց Մարալ Պալապանեան:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Հոգշ. Հայր Սուրբին օրհնութեան խօսքով եւ պահպանիչով: