Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմէն ներս Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2016-ին շրջանէն ներս գործող Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցան Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը:
Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան 21-րդ տարեդարձի առիթով:
Ս. Պատարագը մատուցեց շրջանի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան, արարողութեան նախագահեց թեմիս Կաթողիկոսին Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան: Ան իր պատգամը փոխանցեց ժողովուրդին անդրադառնալով հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն երրորդին՝ քրիստոսի այլակերպութեան դրուագին եւ անոր խորհուրդին ու արժէքին մասին, ուր իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ հաւատացեալ կոչուած է իր կեանքը ու ներաշխարհը այլակերպելու Քրիստոսի լոյսով: Գերապատիւ Հայր Սուրբը իր պատգամի աւարտին նաեւ անդրադարձաւ անցնող 21 տարիներու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր Գահակալին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եկեղեցանուէր ու ազգաշէն գործունէութեան մասին որպէս հովուապետ:
Դիւան
Ազգային Առաջնորդարանի