Հինգշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2015-ին երեկոյեան ժամը 4:15-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանի, Տուպայի մէջ ծառայող այլ եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ միասնաբար այցելեցին Տուպայի կառավարիչին պալատը՝ Զաապիլ, ուր յանուն Շէյխ Մուհամատ Պըն Ռաշէտ Ալ Մաքթումին դիմաւորուեցան անոր եղբօր Շէյխ Համտան Պըն Ռաշէտ Ալ Մաքթումի կողմէ:

Եկեղեցական պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը եւ իր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց Տուպայի բարեխնամ կառավարութեան իրենց ազնիւ կեցուածքին ու ցուցաբերած յարգանքին ու հոգատարութեան հանդէպ քրիստոնեայ համայնքներուն:

Հայր Սուրբը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց երկրի ղեկավարութեան Արաբական Միացեալ էմիրութեանց հայ համայնքին ընձեռուած կարելիութիւններուն առնչութեամբ: