Հանդիսապետութեամբ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2015-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմէն ներս, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց Եկեղեցիներէն ներս Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի Ձեռամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնայ վանքէն բերուած օրհնուած նոր Միւռոնով ջրօրհնէք, ապա հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ անցնող Օգոստոս ամսուայ ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան կողմէ պատմական Սիս քաղաքի փլատակ կաթողիկոսարանէն ներս կարդացուած Վեհափառ Հայրապետի պատգամը:
Յընթացս Սրբազան Պատարագի արարողութեան խուռներամ բազմութեան ներկայութեամբ հանդիսաւոր արարողութենէն առաջ, Հոգշ Հայր Սուրբը նախ բացատրեց Ս. Միւռոնին իմաստը, անոր կարեւորութիւնը ու սրբութիւնը Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր պատմութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ Միւռոնի կաթսայի փոխադրութիւնը նախ Հալէպ ապա Անթիլիաս: Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ վերջին ամիսներու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի կողմէ Կիլիկիոյ դատի մասին եւ անոր հետ առնչուած իրավիճակին եւ նորագոյն զարգացումներուն: Ան մատնանշեց որ անցնող Օգոստոս ամսուայ ընթացքին Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն չորս միաբաններ մեկնած էին Կիլիկիայի Սիս քաղաքը, նկարահանելու կաթողիկոսարանը եւ կաթողիկոսարանին պատկանող կալուածները: