ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

97 ԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կազմակերպութեամբ՝ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան
Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ, 2012-ին

 

Սրբութիւն կայ այն օրերուն մէջ երբ մարդ կը զգայ որ խօսքէն աւելի լրութիւնը պատգամ կու տայ…:

Սրբութիւն կայ այն վայրերուն մէջ ուր ողջ մարդոց շարժումը չէ որ կեանք կու տայ, այլ Աստուծոյ հաստատ ներկայութիւնը:

Սուրբ են այն ողջերը որոնց համար նահատակութիւնը՝ սիրոյն Աստուծոյ, ընկերին, հայրենիքին ու կարօտեալին, կեանքի ընտրանք ու հոգեկան ընթացք է:

Իսկ սուրբ են այն մեռելներուն յիշատակները ուր շեշտը կը դրուի կեանքին վրայ եւ յարութեան, ոչ՝ պարտութեան:

Ուստի Ապրիլեան այս օրը սուրբ է. հայուն գոյութեան վայրը սուրբ է. Նուիրեալ հայը սուրբ է, հաւատացեալներուն յիշատակը սուրբ է:

97 տարիներ անցած են, սակայն մեր ժողովուրդի վերքը բուժուած չէ:

Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին հսկումի եւ ապրումի այս երեկոյին, կը խառնուի մեր մէջ շատ բան, սրտի կսկիծ, երեւակայութիւն, զգացում, եւ վերստին կ՛արթննայ մեր հաւաքական յիշողութիւնը մահուան ու կեանքի:

Առիթին սրբութիւնը ուրեմն նաեւ հոն է, որ մեր բոլորանուէր հաւաքական ապրումը տարեկան ստիպողութիւն կամ պարտականութիւն չէ այլ ժամադրութիւն շունչի ու ժամանակի կասեցումին հետ: Այսօրը հայկական մարմնին, հայկական system-ին կասեցումն է, ժամանակաւոր- system shut-down:

97 տարիներու հաշիւը մեր հաւաքական ցնցումը ջնջած չէ բնաւ:

Այսօր կեանք կ՛առնէ հայուն էութիւնը- պահ մը- շնչասպար կ՛ըլլայ հայկական հաւաքական սիրտը- մինչ միտքը կը շարունակէ գործել 21-րդ դարու կարողութեամբ- եւ նորոգութեան, արթնութեան նոր առիթ կու տայ մեզի:

Մեր Ապրիլեան յիշողութեան իսկական սրբութիւնը կու գայ այն հաւատքէն ու կամքէն որ կը դարձնեն հայ ժողովուրդը ապրող, ստեղծող, եւ նորոգուող յարուցեալ ժողովուրդ:

Սուրբ կ՛ըլլայ յիշողութիւնը, երբ չ՛անսար մահուան նոյնիսկ ցեղասպանութեան, այլ սիրով կը կանգնի ու նոր ճանապարհներով կը գործէ: Ուրեմն՝ օրուան սրբութիւնը կը կորսուի միայն եթէ իրերայաջորդ սերունդները հաստատ կամքով, պարծանքով, միասնական հոգիով, աշխատասիրութեամբ, զոհողութեամբ, ու շնորհակալ սրտով ապագայ չկերտեն, նոր ճանապարհ չբանան:

◊ ◊ ◊

Մեր կատարածը այսօր սուգ չէ, այլ կամքի, լրջութեան ու հաւատարիմ հաւատքի նորոգութիւն:

Զգացական օր է նաեւ- բայց զգացումը շինիչ ու մնայուն կը դառնայ միայն երբ վերածուի գործի ու ծրագիրի:

Ծանօթ է 97 տարիներու թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը, որուն դէմ հայերը վերջին տասնամեակներուն մղեցին համաշխարհային ճանաչման արշաւ, մասամբ յաջողելով, մասամբ ձախողելով:

Ծանօթ է նաեւ վերջին երեք տասնամեակներու թրքական ջանքը պատմութեան ու քաղաքագիտական ամբիոններու եւ համալսարանական հրատարակութիւններու ընդմէջէն շրջելու եւ խեղաթիւրելու պատմութիւնը , այն աստիճանով որ միջազգային կարգ մը գրադարաններու մէջ կան աւելի թրքամետ մօտեցումով գիրքեր հայկական ջարդերու մասին, քան հայանպաստ աղբիւրներ ցեղասպանութեան մասին:

Ծանօթ է նաեւ որ վերջին մի քանի տարիներուն, յատկապէս վերջին մէկ տարուան մէջ զանազան երկիրներու հաղորդակցութեան եւ յայտարարութեան ցուցատախտակներուն վրայ սկսած է ազդու արշաւ մը- այսինքն՝ յանձագործի ծրարը նետելու հայութեան, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի գիրկը- եւ այս արդէն իսկ շահած է կիսագէտ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը, իսկ Ղարաբաղեան պայքարի շեղուած պատմութեամբ մը Ազրպէյճանի մէջ հայոց գործած “Ցեղասպանութիւն” մը ճանաչումի սեղանին վրայ կը դրուի այսօր:

Այս բոլորին դիմաց մենք ուրեմն կանչուած ենք ըլլաու ե՛ւ զգացական, հոգեկանով լեցուած, եւ առարկայական ու իրապաշտ, գործի պատրաստ:

Մեր ռազմավարութիւնը պէտք է միշտ նկատի առնէ հակառակորդը- մանաւանդ թուրքիան- եւ դրացին- մեր սփիւրքեան երկիրներուն ժողովուրդները:

Այսօրուան աշխարհը չկրնար արդարութիւն գործել 97 տարիներ առաջ գործուած ոճիռի մը նկատմամբ երբ իր օրուան մէջ այդպէս չգործեր եւ ահաւասիկ հարցեր՝:

*Թուրքիոյ նկատմամբ-ինչ՞պէս մնալ միշտ հաստատ ու պահանջող նորանոր կերպերով, նորոգուած դիւանագիտութեամբ.

*Դրացիներու նկատմամբ- անոնց սիրտը շահելով, ընկերային հոգեբանութեան էջերէն սորվելով:

*Իսկ մենք մեր ժողովուրդին ու զաւակներուն նկատմամբ- ինչ՞պէս օգնել որ ոչ որպէս պարտք, այլ որպէս սեփական նիւթ ու դատ շարունակեն ընթացքը ինթնավստահ ու հպարտ:

*Այս բոլորը կատարելու մէջ նորանոր գիտական միջոցները եւ փաստերը կարեւոր պիտի ելլան: Մեր երիտասարդները եւ նոր աշխարհը ամուր իրականութեան առջեւ դնելու համար պէտք է շարունակենք պատրաստել գիտութեամբ օժտուած, հաւատքով զինուած, միասնական զոհողութեան ու յանդուրժողութեան պատրաստ ազգայիններ:

Այս ջանքին մէն ամէն ինչ կը կորսուի եթէ հայը, հայ երիտասարդը, լեզուն, մղակոյթը- կորսուին, իսկ քրիստոնէական հաւատքը սոսկ աւանդութիւն սեպուի:

Ամէն հայ դեսպան ու դիւանագէտ պիտի ըլլայ:

Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան

Նախագահ Հայկազեան Համալսարանի