Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2015 երեկոյեան ժամը 6:00-ին թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան ընկերակցութեամբ թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Պրն. Հրայր Սողոմոնեանի եւ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ շինարարական յանձնախումբի գործադիր անդամ Պրն. Գրիգոր Մահսերեճեանի յատուկ ժամադրութեամբ այցելեցին Շէյխ Սէյէտ Ալի Պըն Հաշիմիի որ երկրի նախագահի խորհրդականն է եւ միեւնոյն ժամանակ կը զբաղուի երկրի դատական եւ կրօնական գործերով:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումը որ տեղի ունեցաւ իր անձնական բնակարանին մէջ, Հոգշ. Հայր Սուրբը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայ համայնքին գործօն դերակատարութիւնը երկրի զանազան մարզերու զարգացման մէջ: Ապա անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմական աթոռի առաքելութեան, եւ Կաթողիկոսութեան եւ Արաբական աշխարհի պատմական յարաբերութեանց մասին սկսելով Կիլիկիոյ թագաւորութենէն հասնելով մինչեւ ժամանակակից օրերը: Այս առիթով Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց երկրի ղեկավարութեան եւ անոնց ցուցաբերած սիրալիր ընդունելութեան յատկապէս տարածաշրջանէն ներս Հայ համայնքին տալով կրօնական ազատութիւն արտօնելով եկեղեցւոյ կառուցումը պահպանելու համար իրենց հաւատքը, մշակոյթը ու լեզուն:
Յիշեցման կարգով Հայր Սուրբը մատնանշեց յատկապէս Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ ակնարկելով թէ հանգուցեալ երկրի հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Շէյխ Զայէտ Ալ Նահեան հողաշերտի մը խոստումը տուաւ, ապա իր որդին Շէյխ Խալիֆա Ալ Նահեան հողը տրամադրեց, իսկ երկրի գահաժառանգ Շէյխ Մուհամատ Ալ Նահեանի օրով տեղի ունեցաւ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումը: Ապա նշեց որ Վեհափառ Հայրապետը 12 Դեկտեմբեր 2014-ին Եկեղեցւոյ օծման առիթով տեսակցութիւն ունեցաւ գահաժառանգին հետ եւ զինք տեղեակ պահեց եկեղեցւոյ ու Հայ համայնքի մասին:
Իր կարգին Շէյխ Ալի Հաշիմի դրուատիքով ու գնահատանքով խօսեցաւ Հայ համայնքին մասին ինչպէս նաեւ իր պատրաստակամութիւնը ցուցաբերեց նախագահի որպէս խորհրդատու օգտակար հանդիսանալ Հայ համայնքի բոլոր կարիքներուն:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող այս հանդիպումը եզակի առիթ էր յարաբերութիւն մշակելու երկրի բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ: Նշենք թէ Հայր Սուրբը որոշակի առաջարկներ ներկայացուց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ շրջանի վերաբերեալ: Իսկ հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետի կողմէ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը նուեր յանձնեց Շէյխ Սէյէտ Ալի Հաշիմին եւ հրաւիրեց մօտիկ ապագային այցելելու Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարան: