Շարժայի կառավարիչ` Շէյխ Սուլթան Պին Մոհամմատ Ալ Քասիմին վերջերս յատնած է իր կայքէջին վրայ թէ Ռաս ալ-Խաէյմա էմիրութեան տարածքին մէջ գտնուող պատմական Ճուլֆար ամրոց-քաղաքը հիմնած են հայեր որոնք փախած են Պարսկաստանէն Մոնկոլներու գրաւումէն ետք: Շարժապատկերի հարցազրոյցի մը ընթացքին Շարժայի կառավարիչ շէյխը յայտնած է թէ Հայ քրիստոնեաներ որոնք փախած են Պարսկաստանէն դէպի «Պկլեւոր» (այժմ կը գտնուի Րաս Ալ Խէյմա) հիմնած են Րաս Ալ Խէյման: Դոկտոր շէյխ Սուլթան Պին Մոհամմատ Ալ Քասիմին աւելցուցած է թէ Ճուլֆար անունը ունի հայկական ծագում: Շէյխը խօսքը ուղղելով կրթական մարմիններուն թելադրեց որ դպրոցական դասագրքերուն մէջ սրբագրութիւններ կատարեն այս առնչութեամբ: