Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած Ս. Գիրքի սերտողութիւնը մեծ խանդավառութեամբ եւ տիկիններու գնահատելի մասնակցութեամբ իր ընթացքը կը շարունակէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն ներս Հովանաւորութեամբ թեմի բարեջան Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբի: 16 Փետրուար 2014-էն սկիզբ արած Ս. Գիրքի սերտողութիւնը Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց տիկիններուն համար մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց աւելի մօտէն ծանօթանալու Աստուածաշունչին եւ մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն, ծէսին եւ արարողութեան:

Այս երեւոյթը հետզհետէ քաջալերական կը հանդիսանայ համայնքի զաւակներուն մէջ: Անգամը եւս կ’ուգանք յիշեցնելու եւ հրաւիրելու մեր տիկինները որպէսզի ամէն կիրակի առաւօտեան ժամը 10:30 – 11:30 իրենց մասնակցութիւնը բերեն սոյն ծրագրին: