Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմէն ներս Հինգշաբթի 28 եւ Ուրբաթ 29 Յունուար 2016-ին կատարուեցաւ ձեռնադրութիւններ: Այս առիթով թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրով ձեռնադրութիւնները կատարեց Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը:

Անցնող մէկ տարուան ընթացքին եկեղեցական կեանքը Շարժայի եւ Ապու Տապիի մէջ տարբեր բնոյթ սկսած էր ստանալ, յատկապէս շրջանը թեմ յայտարարուելէ ետք: Առ այդ իբրեւ գնահատանք եւ քաջալերանք, շրջանը ունեցաւ նոր դպիրներու կիսասարկաւագներու եւ սարկաւագներու ձեռնադրութիւն, որոնք անցնող տարիներու ընթացքին իրենց ծառայութիւնը մատուցեցին եկեղեցւոյ վերանորոգ հաւատքով եւ իրենց ստացած նոր կարգերով պիտի շարունակեն իրենց ծառայութիւնը մատուցել Շարժայի եւ Ապու Տապիի եկեղեցիներէն ներս:

Այս առիթով առաջին հերթին յանուն թեմիս հոգեւոր դասուն եւ ազգային իշխանութեան նախ կ’ուզենք մեր շնորհակալութիւնը յայտնել Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանին որ ընդառաջեց մեր հրաւէրին, եւ սիրայօժար կերպով կատարեց ձեռնադրութիւնը: Կ’ուզենք յիշել որ սրբազանը 1984 թուականին որպէս վարդապետ կարճ ժամանակով մը գտնուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ քաջալերուած շրջանի երիտասարդութիւնը կազմակերպելով երիտասարդական հաւաքներ:

Շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք կ’ուղղենք նորոգ ձեռնադրուած դպիրներուն, կիսասարկաւագներուն եւ սարկաւագներուն, մաղթելով որ իրենց ստացած նոր կարգերուն նկատմամբ հաւատարմօրէն ծառայեն Շարժայի եւ Ապու Տապիի եկեղեցիներէն ներս:

Նկարներ