Պատմականօրէն Դեկտեմբեր ամիսը իր եզակի նշանակութիւնը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմին, յատկապէս Ապու Տապիի Գաղութին համար, նկատի ունենալով մէկ տարի առաջ այս ամսուայ ընթացքին օծումը կատարուեցաւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ:
Եկեղեցւոյ օծման առաջին տարեդարձի առիթով, թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդին հրաւէրով, Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմի նախկին առաջնորդ եւ այժմու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, որ յատուկ կերպով ժամանած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ վերոյիշեալ տօնակատարութեան:
Թեմիս կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը, ընկերակցութեամբ Սրբազան Հօր, Հինգշաբթի 11 Դեկտեմբերի առաւօտեան այցելեցին Ապու Տապիի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը եւ տեսակցեցան դեսպանին հետ: Անգամը եւս մատնանշեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր թեմերուն դերակատարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան զօրավիգ կանգնելու նուիրական առաքելութիւնը: Սոյն հանդիպման ներկայ էին Ապու Տապիի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամներէն Պրն. Վահէ Թուխմանեան եւ Պրն. Ռաֆֆի Սիմոնեան: Սրբազան հօր նախագահութեամբ, նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7ին, կատարուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ աւանդական Աղօրհնէքը:
Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր երեկոյեան ժամը 6-ին մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ նախագահութեամբ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի, Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, խուռներամ ժողովուրդի ներկայութեամբ: Նախքան քարոզի պահը խորանին վրայ զետեղուեցաւ Անթլիասէն բերուած նահատակներու աճիւններէն մասունք մը:
Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ աւանդական մատաղօրհնէրքը: