Երկուշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2015-ին առաւօտեան Տուպայի եւ Ժապալ Ալիի մէջ ծառայող քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչ հոգեւոր պետերն ու հոգեւոր հովիւները ցաւակցական այցելութիւն մը շնորհեցին Տուպայի կառավարիչին պալատը՝ Զաապիլ, եւ իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին Շէյխ Մուհամատ Պըն Ռաշէտ ալ Մաքթումին իր զաւկին՝ Շէյխ Ռաշէտ Պըն Մուհամատ Ալ Մաքթումի մահուան տխուր առիթով:
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի փոխարինեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյրիմէնճեան, ուր յանուն թեմի եւ Հայ համայնքին ցաւակցութիւն յայտնեց Տուպայի կառավարչին ու անոր ընտանիքին: