Չորեքշաբթի 15 Ապրիլ 2015-ին երեկոյեան Ապու Տապիի Հ Հ դեսպանատան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ցեղասպանութեան 100 ամեակի նուիրուած երեկոյ:
Յայտագիրը սկիզբ առաւ Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Գեղամ Ղարիպջանեանի խօսքով ուր բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ անդրադարձաւ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած Վատիկանի մէջ պատմական պատարագին: Ապա հրաւիրեց ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, որ իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով նշեց թէ հայոց ցեղասպանութեան աշխատանքները վերջին տասնամեակներուն սուգի, ցաւի ու վիշտի տօն ըլլալէ աւելի վերածուեցաւ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու պահանջատիրութեան կազմակերպուած աշխատանք, եւ որուն արդիւնքը այսօր կը քաղենք 100 ամեակի առիթով: Ապա ցուցադրուեցաւ The blue book տեսերիզը, ինչպէս նաեւ ԱՄԷ-ի ու յատկապէս Ապու Տապիի գաղութի զաւակներէն Տիկին Շաղիկ Թուխմանեան-ֆսդխճեանի կողմէ պատրաստուած տեսերիզը որուն նկարահանումը տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներուն մէջ ուր կը ներկայացնէ ջարդէն ազատած ու Գերմանիա հաստատուած Արմէն անունով հայ երիտասարդի զոհողութիւնը:
Յայտագրին աւարտին, նախագահութեամբ թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն դեսպանատան շրջափակէն ներս:
Նշենք թէ սոյն յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արաբական Միացեալ էմիրութեանց զոյգ Ազգային Վարչութիւնները իրենց դերակատար մասնակցութեամբ: