Կիրակի, 5 Ապրիլ 2015 Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն ներս հանդիսապետութեամբ ԱՄԷ եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ յիշատակելով Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը:

Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբ իր քարոզին մէջ նշեց թէ Քրիստոսի Յարութիւնը մեծ յաղթանակ մըն էր մահուան դէմ, յաղթանակ մը որ տարուեցաւ համայն մարդկութեան փրկութեան համար: Քրիստոսի առաքելութիւնը յատուկ նպատակ ունէր, համայն մարդկութիւնը ազատելու մթագնած մտայնութենէն եւ առաջնորդելու դէպի լուսաւոր ճամբան:

Դարեր շարունակ Քրիստոսի գերեզմանէն ճառագայթած լոյսին հետեւեցանք հակառակ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդի կրած հալածանքներուն, պատերազմներուն, կրցանք մեր գոյութիւնը եւ ինքնութիւնը պահել ամենադաժան օրերուն ազգային վառ ապրումներով ու հայ ոգիով:

Եթէ այսօր ազգովին կը գոյատեւենք, որովհետեւ հաւատացինք Քրիստոսի յարութեան եւ ազգովին յարութիւն առինք Տէր Զօրի անապատներէն: Անկարելի է որ պահանջատիրութեան պայքարէն զիջինք այլ՝ ազգովին պարտաւոր ենք մեր նահատակներուն անմեղ արեան պահանջատիրութեան պայքարը շարունակել:

Այսօր երբ համայն աշխարհի մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիներէն ներս կը տօնախմբենք Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը, այդ կը նշանակէ թէ հաւատացած ու հետեւած ենք Աստուծոյ Որդոյն պատգամին ու աւետարանական այն խօսքին որ աւետեցին հրեշտակները թէ «ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք, հոս չէ, այլ յարութիւն առաւ»: (Ղուկ 24.1-6)

Այս առիթով խուռներամ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսի Սրբատառ կոնդակը ուր կը հաստատուի ԱՄԷ եւ Քաթարի թեմը որպէս մէկ միաւոր: Այս իմաստով Հոգշ. Հայր Սուրբը իր որդիական շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան թեմին հաստատման, ինչպէս նաեւ յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր ազգայիններուն որոնք անցնող տարիներուն իրենց նուիրեալ ծառայութեամբ կրցան շրջանը կազմակերպել եւ ապա թեմի վերածել: