Հեղինակ՝ Hampig Balekji

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան 22-րդ Տարեդարձ

Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2020-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմէն ներս, նշուեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական առաջին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան 22-րդ տարեդարձը: Այս առիթով եկեղեցիէն ներս տեղ ունեցող հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, ուր իր պատգամին մէջ հիմնական օրէն անդրադարձաւ եկեղեցւոյ գործունէութեան կարեւորութեան մասին, մատնանշելով որ 21-րդ դարու հայ հոգեւորականը եկեղեցին իր պատերէն անդին տանելու հրամայականին տակ կը գտնուի այսօր: Ինչպէս նաեւ Սրբազան հայրը քարոզին աւարտին յատուկ կերպով իր գնահատանք ու շնորհակալութիւնը յայտնեց, անցնող տարիներու ընթացքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ համալիրի առաքելութեան յաջողութեան մասնակից դարձող, հոգեւոր հայրերուն, ազգային...

Read More

Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան Կ՛այցելէ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Հինգշաբթի 1 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Հ. Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան՝ Պրն. Մհեր Մկրտումեանի հետ։ Աւելի քան 1 ժամ տեւող հանդիպումը կեդրոնացաւ վերջին օրերու ընթացքին Արցախի դէմ տեղի ունեցած պատերազմին շուրջ։ Այս առիթով Սրբազան Հայրը յանուն Ազգային իշխանութեանց, Հոգեւորականաց դասուն եւ Թեմի ժողովուրդին իր զօրակցութիւնը յայտնեց պարոն դեսպանին, մաղթելով Հայրենիքի անդորրութիւնը վտանգող այս պատերազմը, խաղաղութեան եւ յաղթանակի առաջնորդէ Հայաստանն ու Արցախը։ Նշենք՝ որ անցնող օրերու ընթացքին Սրբազան Հայրը մնայուն կապի մէջ էր Հ.Հ. Դեսպանին եւ Տուպայի ու Հիւսիսային Էմիրութեան Հիւպատոսին հետ Արցախեան պատերազմի նորութիւններու մասին։ Այս Առիթով...

Read More

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Հայ Գաղութի Պատմութիւն

Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմը կազմուած է Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի, Քաթարի, Օմանի, Սուէտական Արաբիոյ հայ եկեղեցւոյ զաւակներէն։ Կ՚ըսուի թէ 16-րդ դարու սկիզբէն հայերը գործի բերումով, բնակած են Ծոցի երկիրներուն մէջ, հայ վաճառականներ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ տեղի ունեցած առեւտուրի հիմնական կազմակերպիչներն էին։ Դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեծաթիւ գաղթը սկսած է 1975-էն ետք, գաղթը կը շարունակուի մինչեւ օրս, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն, Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Եւրոպական երկիրներէն, Ամերիկայէն եւ Գանատայէն։ Ուրիշ ազգերու նման, հայեր եւս աշխատանքի բերումով տեղափոխուած են եւ բնակութիւն հաստատած Ա.Մ.Է. մէջ։ Անցեալին այդքան դիւրին չէ եղած աշխատիլ եւ ապրիլ տաք եւ խոնաւ անապատին մէջ, սակայն երկրին տնտեսական կայուն վիճակը, ազատ մթնոլորտը եւ միջազգային ներդրումները ապահոված են գործի անվտանգութիւն եւ հետեւաբար աւելի հանգիստ կենցաղային պայմաններ։ Հայերու հոսքը դէպի Էմիրութիւններ աւելցած է տարուէ տարի։ Վճակագրական տուեալներ չկան ճշգրիտ հաստատելու համար, թէ որքան է Ա.Մ.Է. մէջ ապրող հայերու ընդհանուր թիւը։ Այսօրուան պայմաններով մօտաւոր հաշուարկներով կը գնահատուի 5000-6000։ 1977-ին Տուպայի Սուրբ Երրորդութիւն Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է հայ ծէսով առաջին պատարագը, ապա Քուէյթէն եւ Անթիլիասէն պարբերաբար հրաւիրուած են հոգեւոր հովիւներ։ 1979-ին Արաբական Ծոցը դարձաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդութիւն, ենթակայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, նիւթապէս եւ բարոյապէս համարատու անոր։ 1980-ին կազմուեցան Տուպայ-Շարժայի եւ Ապու Տապիի առաջին Ազային Վարչութիւնները, հիմը դրին Շարժայի եւ Ապու Տապիի միօրեայ վարժարաններուն, հայրենիքէն դուրս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայ աշակերտը չզրկելու հայկական կրթութենէն, վարձու դպրոցներուն մէջ։ Յիշեցնենք որ հայ աշակերտները իրենց ամէնօրայ կրթութեան համար կը յաճախեն օտար դպրոցներ,...

Read More

Առցանց Հանդիպում Ն․Ս․Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Երեքշաբթի 1 Սեպտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախօրոք թելադրութեամբ, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ՝ Տիար Սեպուհ Մանճիկեանի եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Մահսերէճեանի, առցանց հանդիպում մը ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Սրբազան Հայրը որդիական իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հօր իրենց այս առիթը ընծայելուն եւ մօտէն հետեւելուն համար թեմի աշխատանքներուն, դիմագրաուած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Ապա երեսփոխանական Ժողովի ատենապետը՝ Տիար Սեպուհ Մանճիկեան, ամփոփ կէտերու մէջ զեկուցեց, թեմի ներկայ ընդհանուր կացութիւնը եւ Վեհափառ Հօր ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը դժուարութիւններ,...

Read More