Հեղինակ՝ zenta

Դռնբացէքի Արարողութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Եւ Քաթարի Թեմէն Ներս

Կիրակի, 20 Մարտ 2016-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եւ Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներէն ներս կատարուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրական արարողութիւններէն դռնբացէքի կարգը: Ապու Տապիի մէջ Դռնբացէքի արարողութեան նախագահեց Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, արարողութեան մասնակցեցաւ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան: Այս առիթով Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիէն ներս քարոզեց Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ դռնբացէքի արարողութեան հոգեւոր նշանակութեան ու բարոյական իմաստին: Դիւան Ազգային...

Read More

Յանձնախումբեր

Հիմնադրութենէն ի վեր՝ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութիւնը կազմեց զանազան յանձնախումբեր, որոնք վարչութեան ցուցմունքներով բազմաթիւ աշխատանքներով կը ծաղկեցնեն գաղութիս կեանքը՝ իւրաքանչիւրը իր ասպարէզին մէջ:

Read More

Հոգաբարձութեան Խորհուրդ

Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն դարձած է Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց հայ համայնքին հոգածութեան եւ գուրգուրանքի առարկան : Իրերայաջորդ հոգաբարձական կազմի անդամները եղած են հոգալու համար վարժարանին բոլոր կարիքները ու պէտքերը:

Read More

Ազգային Տուրք

Մեկնելով Ազգային Սահմանադրութեամբ ճշդուած «Ազգային Տուրք»-ի ընբռնումէն, Հիւսիսային Էմիրութեանց երկրորդ Ազգային Վարչութիւնը 1982-էն մինչեւ 1984-ի իր գործունէութեան ժամանակաշրջանին որոշեց կիրարկել Ազգային Տուրքի դրութիւնը տարեկան յաճախականութեամբ անդամատուրք մը գանձելով  21 տարիքը ամբողջացուցած գաղութի իւրաքանչիւր անդամէն, առանց սեռի եւ համայնքի խտրութեան: Ի տարբերութիւն Հայկական այլ գաղութներէ, այստեղ բնակող Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ զաւակները նոյնպէս ենթակայ կը դառնային նոյն օրէնքին եւ հետեւաբար Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներուն հետ համահաւասար իրաւունքներով կը մասնակցին գաղութային կեանքին ու կազմակերպական աշխատանքներուն: Վերոյիշեալ նոյն ըմբռնումներէն մեկնելով, իր կարգին,Ազգային Վարչութիւնը 1987–էն սկսեալ տարեկան հերթականութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ իր նիւթական պարտաւորութիւնը կը կատարէ իբրեւ Աթոռատուրք: Ազգային Տուրքի նուազագոյն սակն է` 100...

Read More