Բարեկենդանի տօնակատարութիւն Շարժայէն Ներս

Հինգշաբթի, 27 Փետրուար 2020-ին՝ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները վայելեցին բարեկենդանի տօնակատարութիւնը: Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս բարձր դասարանի աշակերտուհիները գեղեցիկ կատարումներով խորհրդածութիւն մը ներկայացուցին պատկերներով եւ խաղերով նիւթ ունենալով՝ «մարդը երեւցածին կը նայի՝ բայց Աստուած սրտին կը նայի» (Ա. Թագաւորաց 16:7) Աստուածաշունչ մատեանէն քաղուած սուրբ գրային համարը: Որմէ ետքը կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն ցուցադրուեցաւ իրենց կողմէ պատրաստած՝ բարեկենդանի յատուկ տարազները: Տօնակատարութեան ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ խմբային խաղերով եւ համեղ հիւրասիրութեան ընթացքով . ապա՝ աշակերտներ եւ ծնողներ յիշատակելի պատկերներ արձանագրեցին իրենց մտքերուն մէջ եւ գոհունակ սրտով վերադարձան տուն: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ...

Read More

Բուն Բարեկենդանի Տօնակատարութիւն

Շաբաթ 22 Փետրուար 2020-ին, Շարժայի Օհաննէսեան եւ Ապու Տապիի Արա Խանոյեան Ազգ. Վարժարաններէն ներս կազմակերպութեամբ հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ աշակերտական Բուն Բարեկենդանի Տօնակատարութիւնը։ Աշակերտները ծպտուեցան զանազան կերպարներով, մեծ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ զանազան խաղերով նշեցին օրուան տօնը։ Շրջանի զոյգ հոգեւոր հովիւները ամփոփ կերպով աշակերտներուն բացատրեցին օրուան տօնը եւ փոխանցեցին խոհուրդը Բուն Բարեկենդանին։ Այս առիթով բարի ծոմապահութիւն կը մաղթենք մեր աշակերտութեան ծնողներուն եւ գաղութի զաւակներուն արժանացնելով Քրիստոսի հրաշափառ...

Read More

Քօրօնա Ճահրի դասախօսութիւն

Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած բժշկական դասախօսութիւնը կատարուեցաւ Երկուշաբթի, 17 Փետրուար 2020-ին համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս , ներկայութեամբ աւելի քան 30 տիկիններու: Հանդիպումին բացումը կատարեց յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Թամար Պետրճիքեան բարի գալուստ մաղթելով բոլորին: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ գաղութի հանրածանօթ բժշկուհի Դոկտ. Նանոր Չաղլասեան – Հրեշկատեանի բժշկական գործունէութեան երթին եւ բարձր գնահատեց դասախօսուհիին դրական ընդառաջումը, եւ մանաւանդ անոր ունեցած բժշկական գիտելիքներուն հմտութիւնը : Դասախօսութիւնը ընթացաւ սահիկներու ընկերակցութեամբ, դասախօս բժշկուհին մանրամասն կերպով բացատրութիւն տուաւ նախ քօրօնա ճահրին մասին, որմէ ետք անդրադարձաւ կանխարգիլելու զգուշացման միջոցներու մանրամասնութեանց եւ ներկաներուն գործնական քայլերով ցուցմունքներ կատարեց շեշտելով գործածութիւնը երեսի...

Read More

Հոլանտայի Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները կը հանդիպին Սրբազան Հօր

Կիրակի 16 Փետրուար 2020-ին Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան Առաջնորդ՝ Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի, ներկայութեամբ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Արամ Աւագ Քհնյ.Տէյիրմէնճեանի Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրի գրասենեակէն ներս ընդունեց Հոլանտայի Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները , որոնց կ’ընկերանար նաեւ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարը : Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումը առիթ ստեղծեց ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ փոխանցելու Թեմէն ներս գործող զոյգ եկեղեցական համալիրներու գործունէութեան եւ աշխատանքներու մասին: Յայտնենք թէ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները յատուկ առաքելութեամբ կը գտնուին շրջանէն ներս տեղեկութիւններ հաւաքելու քրիստոնեայ համայնքներու մասին: Դիւան Ազգային...

Read More