Ուրբաթ, 21 Փետրուար 2014-ին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն ներս Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին ընթերցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2014 տարուայ «Հայ Տարեցներու» նուիրուած պատգամը
, ապա՝ Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին նախագահութեամբ Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի եւ ժողովուրդի ներկայութեան, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս խաչքար-յուշակոթողին առջեւ, Սումկայիթի մէջ 1988 Ազերիներու ձեռամբ կազմակերպուած աւելի քան 500 զոհերու յիշատակին, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Պրն. Գեղամ Ղարիպճանեանի եւ Ազգային Իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն: